Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յամեցող Հակադաշնակցականութիւնը (Սամուէլ Կարապետեանի Պարագան)

Յուլիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Մինչ մեր ժողովուրդը Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը, հայրենի որոշ պետական այրերու, քաղաքական շրջանակներու եւ մտաւորականներու մօտ նշմարելի կը դառնայ մեր անկախ պետականութեան կայացումը լիարժէք կերպով չընկալելու եւ մեր հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի բախտորոշ դերակատարութիւնը նսեմացնելու դատապարտելի երեւոյթները:

Ազգայնօրէն մտահոգիչ պէտք է ըլլայ նման վերաբերմունք` հանդէպ մեր արդի պատմութեան կենսականօրէն ճակատագրական նուաճումին եւ զայն կերտող հերոսական առաջնորդներուն: Հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդը ստոյգ անհետացումէ փրկուեցաւ. աւելի քան վեց դարերու պետականազուրկ գոյավիճակը վերացնելով` հիմը դրաւ մեր արդի պետականութեան, վերահաստատեց մեր քաղաքական անօթը եւ ռազմական պատուանդանը, անձեւ քաոսէն հայրենիք կերտեց` օժտուած իր տնտեսական ու մշակութային կառոյցներով:

Ափսո՜ս, գոյութիւն ունին հայ մարդիկ, որոնք տակաւին դժկամութիւնը ունին ըմբռնելու եւ ընդունելու հետեւեալ պարզ ճշմարտութիւնը. սարդարապատեան գոյամարտերու նուաճած մայիսի 28-ով վերածուեցանք համախումբ ազգութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով վերածուեցանք միջազգայնօրէն ճանաչուած պետականութեան տէր ժողովուրդի:

Հրաշքի համազօր այս նուաճումը իրենց կամքով, իմացականութեամբ, քրտինքով եւ արիւնով կենսագործեցին նուիրեալ հայեր, որոնց անունն էր` Արամ Մանուկեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Դրօ, Զօր. Նազարբեկեան, Զօր. Սիլիկեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Ալեքսանդր Խատիսեան, Սիմոն Վրացեան, Գարեգին Նժդեհ… եւ շարքը այս անուններուն երկար է… Եւ աւելի՛ն, իբրեւ հայ` պէտք է հպարտութեամբ անդրադառնալ, որ անոնք բոլորն ալ քաղաքականօրէն թրծուած էին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քուրային մէջ եւ իրենց կրակի մկրտութիւնը ստացած` Դաշնակցութեան յեղափոխական գործին ճամբով:

Անընդունելի ու դատապարտելի, սակայն թերեւս հասկնալի էր այս ազգային նուաճումին դէմ պոլշեւիկներու քինախնդիր կեցուածքը: Պոլշեւիկները եօթը տասնամեակ շարունակ թշնամական եւ ժահրոտ վերաբերմունք ցուցաբերեցին մայիս 28-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, անոնց կերտիչներուն եւ Դաշնակցութեան դէմ: Անոնք մինչեւ իսկ յանդգնեցան քուրջի կտոր կոչել մեր սուրբ եռագոյն դրօշը եւ «Դաշնակ շներ» գոռալ մեր երեսին:

Բայց այս օրերուն, հանրապետութեան հարիւրամեակի սեմին, երբեք հասկնալի չէ ու չի կրնար ըլլալ, երբեք արդարացուցիչ չէ եւ չի կրնար ըլլալ մեր հանրապետութեան ու անոնց հիմնադիրներուն դէմ կարգ մը հայրենի քաղաքական այրերու, հրապարակագիրներու եւ մտաւորականներու թշնամական, արհամարհական ու նսեմացնել փորձող ելոյթները, որոնք ժառանգ մնացած են պոլշեւիկեան օրերէն:

Քանի մը օր առաջ այս տեսակի հայ այրերու շարքին միացած է այլապէս յարգելի եւ արժէքաւոր մտաւորական մը` պրն. Սամուէլ Կարապետեանը: Պրն. Կարապետեան յուշարձանագէտ է եւ ղեկավարը` Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի:

Քանի մը օր առաջ, ի պատասխան այն առաջարկին, թէ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախաձեռնած նոր թղթադրամներուն վրայ պէտք է զետեղել Ա. հանրապետութեան հիմնադիր հայրերուն նկարները, պրն. Կարապետեան Դիմատետրի վրայ տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.

«1991-ից սկսուած երկրի ռեսուրսների անխնայ լափոցը, որի ականատես ենք բոլորս, եւ որի արդիւնքում քառորդ դարի ընթացքում մեր պետութիւնը բառիս բուն իմաստով սմքել ու քայքայման եզրին է հասել, նոյնութեամբ եւ մինչեւ վերջին թելը խժռուել էր Ա. հանրապետութեան 2,5 տարուայ ընթացքում, ընդ որում` այն օրերի պետական պատասխանատուները կարողացան մինչեւ վերջ յուսահատեցնել եւ բարոյազրկել նաեւ հայոց բանակը, երեւոյթ, որ գոնէ ներկայ իշխանութիւնների վերաբերմամբ չենք կարող փաստել… Այնպէս որ, այստեղ խնդիրը հակադաշնակցականութեան կամ հակաինչականութեան մէջ չէ, այլ` փաստերի կշռման եւ հետեւութիւնների»:

Ըստ իր «փաստերի կշռման եւ հետեւութիւնների»-ն, պրն. Կարապետեանը կը մատնանշէ վերանկախացած Հայաստանի վերջին 25 տարիներու «լափոցը», որուն պատճառով մեր պետութիւնը «սմքել ու քայքայման եզրին է հասել», բայց առնուազն իշխանութիւնները չեն բարոյազրկած մեր բանակը: Սակայն ոչ միայն նոյնանման «լափոց» տեղի ունեցած է «Ա. հանրապետութեան 2,5 տարուայ ընթացքում», այլ նաեւ «պետական պատասխանատուները կարողացան մինչեւ վերջ յուսահատեցնել եւ բարոյազրկել նաեւ հայոց բանակը»:

Պահ մը շշմեցուցիչ էր վաստակաւոր յուշարձանագէտի մը կողմէ կատարուող ծայրագոյն աստիճանի նենգ որակումը մեր Ա. հանրապետութեան հասցէին: Կարծէք այս գրութիւնը բառացիօրէն փրցուած է պոլշեւիկեան հակադաշնակցական քարոզչութեան թղթածրարէն: Ճիշդ պոլշեւիկեան յերիւրածոյ վերագրումներու նման, պրն. Կարապետեանը, առանց առարկայական տուեալներու եւ պատմական փաստերու, կը փորձէ նուաստացնել մեր անդրանիկ հանրապետութիւնը, հիմնադիր սերունդը եւ հայոց հերոսական բանակը:

Սակայն փաստերը այլ իրականութիւն կը հաստատեն:

Առաջին. օտար ուժերու ծառայողները միայն կրնան բարոյազրկել բանակ մը: Մեր ներկայ պաշտպանական ուժերու եւ բանակի մարտունակ ոգին եւ բարոյական բարձրութիւնը կը պարտինք մեր քաջարի զինծառայողներուն եւ ազատամարտիկներուն:

Երկրորդ. Առաջին հանրապետութեան 2,5 տարիները եղան պետական մեքենայի եւ ազգային տնտեսութեան կառուցումը: Երկիրը աղքատ էր, զրկուած` ֆինանսական միջոցներէ: Կառավարութիւնը մինչեւ իսկ դժուարութիւն կ՛ունենար հոգալու ժողովուրդի կենսական կարիքները: «Լափելիք» ոչինչ կար, որպէսզի «լափոց» տեղի ունենար:

Սակայն «լափոց» տեղի ունեցաւ 2 դեկտեմբեր 1920-էն ետք, երբ պոլշեւիկեան Յեղկոմը, Կարմիր բանակի սուիններուն յենելով, տիրացաւ հանրապետութեան ղեկին: Յաջորդող 2,5 ամիսներու ընթացքին Յեղկոմն ու հայ պոլշեւիկները թալանեցին արդէն իսկ աղքատ եւ ընչազուրկ մեր ժողովուրդին համեստ ունեցուածքը: Պոլշեւիկեան թալանը հասաւ այն տարողութեան, որ ժողովուրդը հարկադրուեցաւ դիմելու ապստամբութեան` ընդդէմ յեղկոմական պոլշեւիկներուն: Այսպէս, 18 փետրուար  1921-ին,Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ պոլշեւիզմի դէմ առաջին յաջող ժողովրդային ապստամբութիւնը, որուն հիմնական պատճառը պոլշեւիկներու «լափոց»-ն էր:

Երրորդ. հայկական բանակի բարոյալքման հեղինակները Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատուները չէին, այլ` օտար ուժին եւ Կարմիր բանակին յենած այն հայանուն պոլշեւիկները, որոնք կազմակերպեցին 1920-ի մայիսեան խռովութիւնները եւ ամիսներ շարունակ քանդիչ քարոզչութիւն կատարեցին մեր բանակայիններուն մէջ: Պոլշեւիկներուն նպատակը յստակ էր: Տիրանալ Հայաստանի իշխանութեան եւ պոլշեւիկացնել մեր երկիրը` յանուն պրոլետարիատի յեղափոխութեան եւ ընկեր Վլատիմիր Իլիչ Լենինի:

Ցաւալի է ականատես ըլլալ պրն. Կարապետեանի նման մասնագէտ մտաւորականի մը մեր պատմութեան ճիշդ ծանօթացման եւ ընկալման մէջ արձանագրած իր այս սայթաքումին:

Կրկնակի ցաւալի է հաստատել, որ իր գրառումը զինք զոհ կը դարձնէ պոլշեւիկատիպ հակադաշնակցական քարոզչութեան:

Բայց թերեւս զոհ չէ դարձած, քանի որ այս նոյն պրն. Կարապետեանը երկու տարի առաջ ծիծաղի կ’ենթարկէր մեր պետական զինանշանը` ակնարկելով «առիւծի բերանի բաց լինելու»-ն եւ մեր ազգային օրհներգը կ’որակէր «ծայրայեղ անկումային»:

 

 

Նախորդը

Անմիջապէս Պատժել Սրբապիղծները

Յաջորդը

400-է Աւելի Պատանիներ Կը Մասնակցին ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Ճամբարին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?