Ըստ «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Արտեմ Քոժին 20 յուլիսին յայտարարած է, թէ իրականութեան չի համապատասխաներ «Իզվեսթիա» թերթին այն հրապարակումը, թէ պաշտօնական Մոսկուան առաջարկած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել Մոսկուայի մէջ:
Նշեալ թերթը այդ լուրը վերագրած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը: