Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. «ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ, ԳՐՊԱ՛ՆՍ ԴԻՐ»

October 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վանի շրջանը հարուածած եւ 239 զոհ, 1300 վիրաւոր եւ նիւթական ծանր վնասներ պատճառած ուժգին երկրաշարժէն ետք, բազմաթիւ երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը, Թուրքիոյ օժանդակութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին, սակայն անոնց առաջարկները մերժուեցան թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Միակ երկիրները, որոնց օժանդակութիւնը ողջունուեցաւ, Ազրպէյճանն ու Փաքիստանն էին:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այս իրողութեան պատճառները պարզաբանելու փորձով մը դիմած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, որ օրաթերթի հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնած է. «Ազրպէյճան եւ Փաքիստան օգնութիւն ուղարկեցին առանց հարցնելու: Այնպէս որ, մենք չէինք կրնար չընդունիլ արդէն իսկ ուղարկուած օգնութիւնը»: Այլ խօսքով` անոնք օժանդակութիւն չեն առաջարկած եւ Անգարա ինքզինք օժանդակութիւն խնդրելու անախորժ կացութեան մէջ չէ գտած:

Շրջանային ղեկավարի ու գերտէրութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային բեմի վրայ օսմանեան ազդեցիկ դերակատարութեան վերատիրանալու ձգտումներու տէր Թուրքիոյ համար այլ երկիրներէ օժանդակութիւն խնդրելը անախորժ է, մանաւանդ որ ան այլապէս ալ վարժուած է խլելու կամ առնուազն պահանջելու, սակայն երբեք խնդրելու:

Փառամոլ թրքական իշխանութիւնները թերեւս կը փորձեն նմանիլ աշխարհի միակ գերտէրութեան` Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին: Միացեալ Նահանգներու մէջ իրերայաջորդ բնական աղէտներ տեղի ունեցան, սակայն ամերիկեան վարչակազմը օժանդակութեան համար ոչ ոքի դիմում ներկայացուց:

Թրքական արտաքին գործոց նախարարութեան` «Հիւրրիյէթ»ի տուած բացատրութենէն կարելի է հասկնալ, որ թրքական իշխանութիւնները պիտի չառարկեն, եթէ այդ երկիրները Ազրպէյճանի եւ Փաքիստանի օրինակին հետեւելով` զիրենք «կատարուած իրողութեան առջեւ դնեն»: Անոնք բնական եւ մարդկային այս աղէտին նկատմամբ «չեմ ուզեր, գրպա՛նս դիր»ի քաղաքականութիւնը նպատակայարմար կը նկատեն, որովհետեւ աղէտի գօտին քրտաբնակ շրջան մըն է:

Միւս կողմէ, աղէտը թրքական իշխանութիւնները այլ պատճառով ալ նեղ կացութեան կը մատնէ: Մինչ անիկա քիւրտերու քաղաքական ուժը հարուածող «օրհնութիւն» մըն է, շրջանի բնակչութեան բաղադրութեան եւ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին քաջածանօթ միջազգային հանրութիւնը մօտէն պիտի հետեւի թրքական իշխանութիւններուն քայլերուն: Ուստի պէտք չէ զարմանալ, եթէ յառաջիկային մարդասիրական կամ մարդկային իրաւանց գործիչներ ու կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ պետութիւններ քննադատեն թրքական իշխանութիւններուն կողմէ աղէտեալներուն եւ աղէտի գօտիին նկատմամբ կիրարկած քաղաքականութիւնը:

 


Նախորդը

ԸՄԲՌՆԵԼ ԼԻՊԻՈՅ ԲԱՆՏԵՐՈՒ ՔԱՈՍԸ

Յաջորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։