Զուիցերիոյ մէջ ՖԻՏԷ-ի կրան փրի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 6-րդ հանգրուանին ճերմակ քարերով կատարած իր ճակատումին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց հնդիկ Փենթալա Հարիքրիշնայէն: Արոնեան իր պարտութիւնը ընդունեց 38-րդ շարժումին:
6-րդ հանգրուանէն ետք Արոնեան, որ ունի 3 կէտ, կը բաժնէ 8-էն 13-րդ դիրքերը:
Առաջինէն 3-րդ դիրքերը կը բաժնեն ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուք, ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապով եւ նոյնինքն Փենթալա: Անոնք ունին 4-ական կէտ:
9 հանգրուանով տեղի ունեցող այս մրցաշարքին կը մասնակցին 18 ճատրակ խաղացողներ: