Քաթալոնական Պարսելոնայի պաշտօնական կայքը յայտարարեց, որ ակումբը փոխ առաւ Փալմէյրասի պրազիլցի միջնապահ Վիթինիօ Քարվալիոն:
Նոր տարեշրջանին 19 տարեկան պրազիլցին մաս պիտի կազմէ Պարսելոնայի երիտասարդական խումբին:
Ըստ սպանական մամուլին, Պարսելոնա Վիթինիոն փոխ առնելուն համար անոր ակումբին պիտի վճարէ 2 միլիոն եւրօ, իսկ պայմանագիրի աւարտին կարելիութիւնը պիտի ունենայ ձեռք ձգելու անոր փոխանցման ամբողջական իրաւունքը:
Ան Փալմէյրասի գլխաւոր խումբին հետ կատարած է 6 մրցում: