Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Դէմ Թրաթի Առաջնորդած Պատժամիջոցը Վաւերացուեցաւ Յանձնախումբի Մակարդակով

July 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը չորեքշաբթի, 12  յուլիսին վաւերացուց քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջնորդած` Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու յաւելուածը:

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Թրաթ իր առաջարկին նեցուկ կանգնելու յայտարարութեան մէջ շեշտած է, որ այս պատժամիջոցով պէտք է յստակօրէն պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը` ընդգծելով, որ երկրին ռազմագիտական կարեւոր դիրքը իրաւունք չի տար Անգարային, որ ինքզինք օրէնքէն վեր նկատէ:

Թրաթի առաջարկը մէկն էր այն չորս պատժամիջոցներէն, որոնք ներկայացուած էին` դատապարտելու համար Ուաշինկթընի մէջ 16 մայիսին տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն կողմէ ցուցարարներուն դէմ գործուած վայրագ յարձակումը եւ շեշտելու, որ ամերիկեան արժէքներու նման ոտնակոխումէ մը ետք Թուրքիոյ զէնքեր վաճառելու ծրագիրները խոտոր կը համեմատին Միացեալ Նահանգներու սկզբունքներուն:

Թրաթի կողքին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Տէյվիտ Սիսիլին առաջարկած է կասեցնել արդիական «Էֆ.35» տիպի զինուորական օդանաւերը Թուրքիոյ ծախելու ծրագիրը: Քոնկրեսական Տանա Ռորպախըր, իր կարգին, առաջարկած է Թուրքիոյ բանակը զինելու փոխարէն` զէնքեր տրամադրել «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ գործնական աջակցութիւն տրամադրող Սուրիոյ քիւրտերուն, իսկ քոնկրեսական Տան Պէյըր առաջարկած է Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլել Էրտողանի ա՛յն թիկնապահներուն, որոնք ցուցարարներ ծեծած էին 16 մայիսին: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, իր կարգին, դրուատեց Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբին որոշումը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ միւս առաջարկները եւս վաւերացուին:

 

 

Նախորդը

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու» Շեշտեց Նախարար Մաշնուք

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք Է Քննարկուի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Եւ Ոչ Թէ Օտար Երկիրներու Խորհրդարաններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.