Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ «ՄԱՇՏՈՑԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ՊԱՐՏԻ ԼԱՒ ՍՈՐՎԻԼ ԵՒ ԳԻՏՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ»

October 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2011-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հաւաքուած էին նախակրթարանի աշակերտութիւնը, ուսուցիչներ, տեսչութեան անդամներ` նշելու համար Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկած վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան նշեց, որ ըստ հայկական տօնացոյցի, Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած յիշատակի օրը 8 հոկտեմբերն էր: Յիշատակելով այս օրը` որպէս Ս. Մեսրոպի անունը կրող վարժարանի աշակերտներ, մեր նուազագոյնը կրնանք ըրած ըլլալ Մեծն Ս. Մեսրոպին, իր ծննդեան 1650-ամեակին առթիւ: Այն Ս. Մեսրոպին, որ եղաւ հայոց գիրերուն գիւտարարը, հայ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան սկզբնաւորողը, հայագիր դպրոցին հիմնադիրը, հայութեան առաջին ուսուցիչն ու լուսաւորիչը, մեր ազգային մշակութային-հասարակական գործիչը եւ քրիստոնէութեան քարոզիչը:

Այնուհետեւ ներկաները հետեւեցան նախակրթարանի խումբ մը աշակերտներու կողմէն պատրաստուած գեղարուեստական բաժինին, որուն ընթացքին 4-րդ դասարանցիները ներկայացուցին «Հայոց այբուբենը» խորագրեալ իւրայատուկ ասմունքը, ապա 3-րդ դասարանէն Կասիա Լեւոնեան նուագեց սրինգի վրայ, իսկ առաջին դասարանէն Յակոբ Թերզեան եւ Բալիկ Տօնիկեան ասմունքեցին գիրքին եւ ընթերցասիրութեան նուիրուած կտոր մը:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց վարժարանի հայերէն նիւթերու համակարգող Րաֆֆի Տեմիրճեանի խօսքը: Օրուան բանախօսը իր խօսքին մէջ վեր հանեց հայ ժողովուրդին արժանիքները` յիշեցնելով, որ` «աշխարհին մէջ կան բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնք տարբեր միջոցներ ունին իրենց ազգին էութիւնը պահելու համար: Մեր ժողովուրդին համար այդ միջոցը, ամենազօրաւոր զէնքը եղած է Մեսրոպ Մաշտոցը: Եթէ մենք չունենայինք Մեսրոպ Մաշտոց եւ հայոց լեզու, այսօր չէինք ունենար հայ վարժարանը` Մեսրոպեանը, չէինք ունենար հայոց հայրենիքը եւ այլն»:

Յիշելով այն բոլոր ազգերը, որոնք ձուլուեցան, կորսուեցան աշխարհի երեսէն գիր ու գրականութիւն, լեզու չունենալու պատճառով, Տեմիրճեան յորդորեց բոլոր աշակերտները` ըսելով. «Ձեզմէ շատեր կը սիրեն եռագոյնը, կը սիրեն Հայաստանը, բայց այս բոլորէն առաջ պէտք է շատ սիրեն հայերէնը եւ լաւ խօսին մայրենի լեզուով: Իրաւունք չունինք չսիրել եւ չսորվիլ հայերէն»: Հետեւաբար, զուգահեռ մը գծելով Թարգմանչաց խորհուրդին եւ հայերէնի պահպանութեան միջեւ` Րաֆֆի Տեմիրճեան ըսաւ,  թէ մեզի համար միայն մէկ օր չէ, որ պիտի նշուի Թարգմանչաց տօնը, այլ իւրաքանչիւր օր պիտի դառնայ Թարգմանչաց նուիրուած օր, որովհետեւ` «ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարտքն է պահպանել մայրենին, ինչպէս այդ ըրին ձեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք կ՛ապրէին անասելի վատ պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ, սակայն կը սիրէին իրենց լեզուն ու մշակոյթը, եւ պահելով ու փայփայելով` փոխանցեցին ու հասցուցին մեզի: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է դառնայ Մեսրոպ Մաշտոցին զինուորը, սորվի հայերէն, հայոց պատմութիւն, որպէսզի երբ մեծնաք եւ համալսարաններ երթաք, կարենաք այդ սորվածներով պաշտպանել ձեր ազգային իրաւունքները, ձեր ազգի Դատին պաշտպանը դառնաք: Պատիւ եւ յարգանք ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ով կը խօսի ու կը սիրէ հայոց լեզուն»:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Նախորդը

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԴՈԿՏ. ԳՆԷԼ ԴՈՒՐԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՄԵԾԱՐԱՆՔ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻՆ ԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։