Մանչեսթըր Եունայթըտ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Էվըրթընի մաս կազմող պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու հաւանականութեամբ:
Ան պիտի կրէ թիւ 9 մարզաշապիկը, զոր նախորդ տարեշրջանին կը կրէր շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ:
24 տարեկան Լուքաքու, որ 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ Էվըրթընի, նախորդ տարեշրջանին 37 մրցումի ընթացքին նշանակեց 25 կոլ:



