Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Ռէալ Մատրիտ ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը, ֆրանսացի միջնապահ Թէօ Հերնանտեզը, որ արքայական ակումբին միացաւ 6 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
19 տարեկան ֆրանսացին պիտի կրէ թիւ 15 մարզաշապիկը:
Նախորդ տարեշրջանին ան փոխ տրուած էր Ալաւեսի: Անոր հետ ունեցած 32 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 3 կոլ:
 
			


