9 յուլիսին Պոլսոյ մէջ կայացած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
Ըստ «Հապեր7»-ի, Ալիեւ Պոլիս կը գտնուի 12-րդ Համաշխարհային նաւթային համագումարին մասնակցելու համար:
Կը նշուի, որ «եղբայր երկիրներու» ղեկավարները հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած են ղարաբաղեան տագնապը:
Նախագահներու հանդիպումը կայացած է դռնփակ եւ տեւած 1 ժամ 45 վայրկեան:
Հանդիպումէն ետք Էրտողան հրապարակած է Ալիեւի հետ առած լուսանկարը եւ մակագրած հետեւեալ տողերը. «Եղբօրս` նախագահ Ալիեւին հետ Պոլսոյ մէջ քննարկեցինք երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային շարք մը հարցեր: Մեր եղբայրութիւնը պիտի շարունակէ ամրանալ»: