Մանչեսթըր Եունայթըտի խմբապետ Ուէյն Ռունի իր ակումբը լքելով միացաւ Էվըրթընի` անոր հետ ստորագրելով 2 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Այժմ 31 տարեկան Ռունի, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ նոյնինքն Էվըրթընի հետ, ուրկէ 2004-ին տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր, որուն հետ իր պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2019:
Ան իր նշանակած 253 կոլով դարձաւ ակումբի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը:
Ան Եունայթըտի հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, որոնց կարգին` 5 անգամ Անգլիոյ ախոյեանութեան տիտղոսին: