Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ենիսէյ Քրասնոյարսք, որ հիւրը եղաւ Տինամօ Ս. Փեթերսպուրկի, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Ենիսէյի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Արթուր Մալոյեան` 66-րդ վայրկեանին: Տինամօ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն:
Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը կը սկսի յաջորդ շաբաթավերջին: