Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկումի եւ հայրենակիցներու կապերու կոմիտէի առաջին փոխնախագահ, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի ղեկավար Կոնստանտին Զատուլին «Ժողովուրդ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին` նշելով, թէ Հայաստանի մեծագոյն սխալը Արցախը բանակցային հոլովոյթէն դուրս ձգելը եղած է:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանն ալ «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ ռուս տարբեր քաղաքական գործիչներ տարբեր շրջանակներու նման յայտարարութիւններ կը կատարեն, բայց ատիկա տակաւին հիմք չէ ենթադրելու, որ կրնան գործուն քայլերու ձեռնարկել ղարաբաղեան կողմը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու առումով:
«Քաղաքական այսպիսի հոլովոյթներու մէջ ցանկութիւններու, յայտարարութիւններու վրայ յոյս դնելը մեզի չի կրնար բաւարարել: Չեմ կարծեր, որ Ռուսիան այդ ուղղութեամբ գործուն քայլեր կը կատարէ», նշեց ան:
Դաւիթ Իշխանեան յիշեցուց, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ղարաբաղեան կողմը բանակցութիւններու սեղանին վերադարձնելու հարցը միշտ օրակարգի վրայ է եւ այդ ուղղութեամբ քայլերու կը ձեռնարկուին, լիարժէք բանակցային կողմ ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններ տարբեր մակարդակի հանդիպումներուն Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները կը կատարեն:
«Ղարաբաղեան տագնապի հանգուցալուծման վերջնական բանալին Ստեփանակերտի մէջ կը գտնուի, առանց անոր անմիջական մասնակցութեան ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնայ կեանքի կոչուիլ: Յստակ է` այս հարցին լուծումը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումն է, կարգավիճակի հարցը», մանրամասնեց ան:
Դաւիթ Իշխանեանը կը բացառէ հողերու յանձնման հաւանականութիւնը: