Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Հայկական Արմատներով Ռուսիոյ Քաղաքացիներուն Նկատմամբ Խտրականութեան Մասին Մոսկուայի Յայտարարութիւնը Կը Նկատէ «Ոչ Բարեկամական»

Յուլիս 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ երկիր մուտք գործած ատեն Ռուսիոյ շարք մը քաղաքացիներու նկատմամբ խտրական վերաբերումին մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը կը նկատէ «ոչ բարեկամական»` աւելցնելով, որ անիկա «չի համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ոգիին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան այցելող Ռուսիոյ շարք մը քաղաքացիներ խտրականութեան կ՛ենթարկուին ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու կողմէ` նշելով, որ տարեսկիզբէն ի վեր Ռուսիոյ 25 քաղաքացիներու արգիլուած է մուտք գործել Ազրպէյճան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններով` իբրեւ կանոն` Ռուսիոյ քաղաքացիներուն ժամեր շարունակ պահած են Պաքուի օդակայանին մէջ, շարք մը պարագաներու առանց սնունդի, ջուրի եւ բժշկական օգնութեան, ապա բռնի կերպով վերադարձուցած իրենց հաշուոյն: Նախարարութեան մէջ բացատրած են, որ այդպիսի վերաբերումի համար հիմք հանդիսացած են հայկական անունները, մականունները եւ հայրերու անունները:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած է. «Ազրպէյճանի տարածք հայկական ծագումով Ռուսիոյ քաղաքացիներու մուտքի հարցին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան վերաբերումի` դիւանագիտական բարոյագիտութեան չհամապատասխանող ձեւով անգամ մը եւս արտայայտումը շատ զարմանալի է եւ անհասկնալի: Այդ հարցին մէջ ռուսական կողմին ցուցաբերած ոչ բարեկամական վերաբերումը ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ երկու պետութիւններուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ոգիին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ընդգծած էին, որ Մոսկուա բազմիցս պահանջած է Պաքուէն «դադրեցնել այդ վրդովեցնող գործելաոճը, քննութիւն կատարել եւ համապատասխան գնահատական տալ պաշտօնատարներու վարմունքին», սակայն «միջադէպերու քննութիւն չէ կատարուած»` աւելցնելով, որ պիտի շարունակեն պահանջել «վրդովեցուցիչ խտրական գործելաոճի դադրեցումը»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Արաբական Երկիրներուն Մէջ Օգտագործուող Դեղորայքին Մէկ Սակ Ճշդելու

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Համազեկուցողները Կը Բացառեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Լուծումը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?