Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՓՈԽ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ԿԵՒԻՆ ՆԻՒՍԸՄԻ ՀԵՏ

October 24, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քալիֆորնիոյ փոխկառավարիչ Նիսըմի հետ հանդիպումէն պահ մը

Սան Ֆրանսիսքօ իր այցելութեան առիթով,  Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ փոխկառավարիչ Կեւին Նիւսըմի:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոսի իջեւանած պանդոկին մէկ հիւրասրահին մէջ: Ներկայ էին վեհափառի շքախումբի անդամներ:

Նիւսըմ յայտնեց, որ եկած է իր յարգանքը փոխանցելու վեհափառին, որուն հետ ունի անցեալէն եկող բարեկամութիւն: Վեհափառը նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նիւսըմի արդարատենջ կեցուածքներուն համար` յիշելով, որ անոր քաղաքապետ եղած օրերուն թէ ներկայիս` իբրեւ նահանգի փոխկառավարիչ, կանգնած է Ցեղասպանութեան ճանաչման կողքին:

Հանդիպումի աւարտին, վեհափառն ու փոխկառավարիչը յուշանուէրներ փոխանակեցին:

ՆԱԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետին հետ հանդիպման ընթացքին

Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան Սան Ֆրանսիսքոյի հանգրուանը յատկանշուեցաւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց հետ հանդիպումներով:

Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերի յետմիջօրէին,  վեհափառը այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ քաղաքապետ Էտվին Լիի հետ: Քաղաքապետին կողքին, հանդիպումին մասնակից էին քաղաքապետի օգնականներէն ու քաղաքապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Շոն Էլսպըրնտ, Շարլոթ Շուլց եւ Մարք Չենտլըր:

Վեհափառը գնահատանք արտայայտեց հայ գաղութին հետ քաղաքապետութեան շինիչ յարաբերութիւններուն ու յատկապէս Հայ դատին ի նպաստ կեցուածքին համար: Ան վեր առաւ մշակոյթի ու համակեցութեան տիպար քաղաք մը ըլլալու Սան Ֆրանսիսքոյի յատկանիշը եւ գոհունակութիւն արտայայտեց,  որ հայութիւնը մասնակից է քաղաքի բարգաւաճման:

Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս իր պատմական հողերէն հայութեան բռնագաղթին ու Ցեղասպանութեան զոհերէն է, կը կանգնի հայութեան պահանջատիրութեան յառաջապահի դիրքերուն վրայ ու հետամուտ է ամէն տեսակի անիրաւութեան սրբագրումին, հայութեան բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումին: «Մեր սպասումն է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնին արդարութեան, մեր իրաւունքներուն կողքին, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ կը հանդիսանան մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան ջատագով», շեշտեց վեհափառը, որ նաեւ ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը կենսական հրամայական է համայնքներուն համար: «Ցեղասպանութիւնը միայն անցեալին ու պատմութեան չի վերաբերիր, անիկա այժմէական հարց է ու պէտք է դիմագրաւուի լուրջ մօտեցումով», ընդգծեց վեհափառը:

Քաղաքապետ Լի պատասխանեց ըսելով, որ խորապէս ուրախ է վեհափառին այցելութեան համար: Ան աւելցուց, որ բազմազանութիւնը կարեւոր յատկանիշ է իր քաղաքին համար եւ կը հանդիսանայ անոր ինքնութեան բանալի տարրը:

Հանդիպումը վերջ գտաւ յուշանուէրներու փոխանակումով:

 

Նախորդը

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.