Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան. «Ինծի Համար Իրաւապահ Համակարգը Իրաւապաշտպան Բնոյթ Ունի»

July 4, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ գլխաւոր դատախազութեան կեդրոնին մէջ մասնակցած է դատախազութեան աշխատողի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր նիստին, ուր հանդէս եկած է ելոյթով:

Իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է կառավարման նոր համակարգին եւ պետական իշխանութեան մարմիններու նոր յարաբերակցութեան պայմաններուն մէջ հանրապետութեան իրաւապահ համակարգի յենասիւներէն մէկուն` դատախազութեան դերակատարութեան, մինչեւ այսօր ունեցած ձեռքբերումներուն, յառաջիկայ ընելիքներուն, ինչպէս նաեւ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է դատախազութեան գործառոյթներու հետ անմիջականօրէն կապուած առանձին խնդրայարոյց երեւոյթներու վրայ:

«Ձեր գործունէութիւնը շատ կարեւոր է պետութեան եւ հասարակութեան համար: Անիկա նոյնչափ պատասխանատու է, քանի որ ձեր որոշումները կրնան մարդուն ճակատագիրը փոխել` բառին ամէնէն ուղղակի իմաստով», ըստ նախագահի կայքին, դիմելով դատախազներուն ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ շարունակած. «Ինծի համար իրաւապահ համակարգը իրաւապաշտպան բնոյթ ունի: Բովանդակային առումով ես զանոնք հոմանիշներ կը նկատեմ: Եթէ կ՛ուզենք մօտ ապագային  Հայաստանի մէջ թեթեւցնել իրաւունքները պաշտպանողի հոգերը, ապա մեր ջանքերը պէտք է ուղղենք մէկ նպատակի` իրաւունքը պահպանողի գործունէութեան մէջ որակական նոր մակարդակի բարձրացնել անձի, հասարակութեան եւ պետութեան շահերու պաշտպանութիւնը: Անոր գրաւականը ուժեղ եւ պատասխանատուութենէ չխուսափող, իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքով աշխատող կուռ եւ գործակցող իրաւապահ համակարգն է: Այդ համակարգին յենասիւներէն մէկը, անշուշտ, դատախազութիւնն է` պատմականօրէն ինքնատիպ իր կարգավիճակով»:

Նախագահ Սարգսեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է դատախազութեան գործառոյթներուն հետ անմիջականօրէն կապուած «քանի մը խնդրայարոյց երեւոյթներու վրայ», որոնց մէկ մասը «իրաւական հոլովոյթներու շրջագիծին մէջ քննարկման առարկայ կը դառնայ նոյնիսկ միջազգային դատական ատեաններուն մէջ: Վստահ եմ` կը հասկնաք, որ նկատի ունիմ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը», ընդգծած է նախագահը:

«Ես արդէն առիթ ունեցած եմ ըսելու, որ անարդարութիւնը մեր թիւ մէկ թշնամին է, եւ մենք պատերազմ յայտարարած ենք անարդարութեան դէմ: Այդ պատերազմին մէջ մենք պարտաւոր ենք յաղթել` չէզոքացնելով անտարբերութեան ամէն դրսեւորում, վերացնելով փտածութեան որեւէ երեւոյթ», իր ելոյթին մէջ ըսած է նախագահ Սարգսեան` աւելցնելով. «Անարդար դատախազը վնասաբեր է թէ՛ դատախազութեան, թէ՛ այն կառոյցին, որ դատախազութեան վերապահուած լիազօրութիւններուն ուժով անոր ազդեցութեան գօտիին մէջ է»:

«Մեր երկիրը մտած է բեկումնային նոր ժամանակաշրջան: Միասին պիտի կառուցենք պետական կառավարման նոր կարգը: Ապրիլեան ընտրութիւններէն առաջ մենք ըսած էինք, որ վճռական ենք կազմակերպելու լաւագոյն չափանիշներուն համապատասխանող ընտրութիւններ: Արդէն կարելի է փաստել, որ յաջողած ենք»:

 

Նախորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Ազրպէյճանի Մէջ Այցելած Են Հայ Գերիին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մտահոգութիւն Յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Համար Պիւլպիւլօղլուի Թեկնածութեան Առաջադրման Գծով

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.