Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երեսփոխանն Ու Գրասենեակը

June 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Տարիներէ ի վեր Հայկական երեսփոխանական պլոքը ունի իր գրասենեակը, որ ցարդ շատերու կը մնայ անծանօթ իր գոյութեամբ եւ գործունէութեամբ:

Քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ին մէջ ծանուցում մը կը յայտարարէր երեսփոխանական գրասենեակի երկրորդ բաժինի բացումը` «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, Էշրեֆիէ  հայութեան ծառայելու համար…

Այս պիտակը` «Հայկական երեսփոխանական պլոքը»-ը հիմնուած է քաղաքական եւ ընկերային հարցերու համար, սակայն միշտ ունեցած է մէկ գլխաւոր նպատակ` պաշտպանել Լիբանանի հայ գաղութին իրաւունքները եւ ծառայել Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ «գրասենեակին»,  ան ըլլալէ զատ հայ երեսփոխաններուն հանդիպման վայրը` ուսումնասիրելու կամ մշակելու Լիբանանի ու լիբանանահայութեան առնչուող հարցեր ու ծրագիրներ, կոչուած է նաեւ ծառայութիւններ մատուցելու լիբանանահայութեան, մանաւանդ` օրինական կամ կալուածային բարդ հարցերու մէջ, կացութիւններ, ուր պէտք ունինք իրաւական ցուցմունքներու, նոյնիսկ` գործնական աջակցութեան:

Այո՛, մենք ունինք ազնիւ ու անշահախնդիր ազգայիններ, որոնք շնորհիւ պետական անձնաւորութիւններու հետ իրենց սերտ կապերուն` ազնուօրէն եւ անշահախնդիր կերպով օգտակար կ՛ըլլան անփորձ ազգայիններու, երբ անոնք բարդ կացութեան մատնուին, սակայն, դժբախտաբար , ունինք նաեւ «հայանման» մարդիկ, որոնք պարագաներու բերմամբ կրնան հասած ըլլալ որոշ դիրքերու, սակայն առանց տատամսելու` այդ կապերը վերածած կ՛ըլլան շահագործման աղբիւրներու ու իրենց «ծառայութիւնները» ի գործ կը դնեն ի շահ իրենց ագահ ու անհատակ գրպաններուն:

Ճիշդ այսպիսի պարագաներու, եւ որպէսզի պատեհապաշտներու զոհ չդառնանք, անվարան դիմենք երեսփոխանական գրասենեակ` ստանալու համար ճիշդ ու անվերապահ թելադութիւն եւ նոյնիսկ` գործնական օժանդակութիւն:

Թարմ ու տխուր դէպքեր կը մղեն այս կոչը ընդհանրացնել:

Շատ անգամ հասարակ խօսակցութեան նիւթ եղած է այն, թէ մեր երեսփոխանները ի՛նչ կ՛ընեն ժողովուրդին, ինչպէ՞ս օգտակար կ՛ըլլան: Ահաւասիկ ձեզի` լաւագոյն ցուցմունքը, երբ օժանդակութեան պէտք ունիք, ու անճար եւ յուսահատ` ձեր հարցերուն լուծումը մի՛ փնտռէք անպիտակ մարդոց քով, որ զոհ չդառնաք անոնց նիւթապաշտութեան, այլ դիմեցէք գրասենեակ ու ստացէք ճիշդ ու վստահելի ցուցմունքները` անվճար:

Գրասենեակը ունի նաեւ այլ կարեւոր յանձնառութիւններ, ինչպէս` երբ զանազան նախարարութիւններ կարիք կ՛ունենան մասնագիտացած որակաւոր պաշտօնեաներու, եւ նոյնիսկ երբ լիբանանեան բանակը կոչ կ՛ուղղէ զինուորական որոշ զօրամասերու միանալու, նորագիրներու դիմումնագիրները կը ներկայացուին գրասենեակ:

Նոյն ծիրին մէջ հայկական հաստատութիւններ, երբ պաշտօնեայի պէտք ունենան եւ կամ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ գործ կը փնտռեն, անվարան կրնան դիմել այս գրասենեակը, որ կոչուած է ժողովուրդին ծառայելու:

12/06/2017

Նախորդը

Երեք Ապրուած Իրադարձութիւններ. «Իր Անունով Պէտք Է Կոչել»

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Է Թուրքիան Խուճապի Մատնուել

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.