Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանը միայն քաղաքական համաձայնութեան եւ համախոհութեան միջոցներով կարելի է կառավարել` վերահաստատելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի շարունակէ յարգել կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նաժարի նշեց, որ Սալամը շնորհաւորած է Ֆիթրի տօնին առիթով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ Լիբանանի առողջապահական կարգավիճակը արաբական մակարդակի վրայ առաջինն է` աւելցնելով, որ կառավարական հիւանդանոցներուն օժանդակութիւն ապահովելու համար ոչ մէկ ջանք պիտի խնայեն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ կէսօրին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, հանդիպելէ ետք կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպի հետ, յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարարութեան հիմնադրութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Քուրայի կարիքներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ հսկողութեան ու հաշուետուութեան կանչելու միակ միջոցը մսխումները կրճատող պետական պիւտճէի մը վաւերացումն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքի ղեկավարութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները խզուած են` աւելցնելով սակայն, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով արգելքներ չկան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս ողջունեց Պաապտայի մէջ կայացող խորհրդակցական հանդիպումը` շեշտելով, որ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելէ ետք անհրաժեշտ է լիբանանցիներուն դիմագրաւած տագնապներուն լուծում ապահովել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումէն ետք տիրող դրական մթնոլորտը պէտք է օգտագործել` պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու նպատակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յառաջիկայ տարուան մայիսին կատարելու իմաստով երաշխիքներ գոյութիւն չունին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ առանց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճիգերուն եւ վճռակամութեան, ընտրական օրէնք մը կարելի պիտի չըլլար վաւերացնել:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մտահոգ է մագնիսական քարտին գործադրութեան արձանագրելիք յապաղումին հաւանականութեամբ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին մահապատիժի հարցը քննարկումի առարկայ դարձած է:

Նախորդը

Թիլըրսըն. «Ամերիկան Կը Զօրակցի Ծոցի Տագնապին Վերաբերեալ Քուէյթեան Միջնորդութեան»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրը Վազգէն Եարտըմեանը Կը Նշանակէ Իբրեւ Լիբանանի Կենսոլորտի Նախարարութեան Խորհրդատու

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.