Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանի «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ իրաքցի քիւրտերու անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէն խոչընդոտուի, ատիկա պիտի դառնայ նոր արիւնալի պատերազմի պատճառ:
Պարզանի պնդած է, որ քիւրտերը այլեւս չեն կրնար սպասել շրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ու խաղաղութեան, որովհետեւ յարմար պահու սպասելով` այդ հանրաքուէն կրնայ անվերջ յետաձգուիլ:
«Այս որոշումը այլեւս անդառնալի է, 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ», ըսած է Պարզանի:
Նախապէս Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի պատասխանելով Պարզանիի յայտարարութիւններուն` քիւրտերուն յիշեցուցած էր, որ այդպիսի անջատման համար անոնք ոչ այնքան բարենպաստ շրջանի մէջ կ՛ապրին:



