Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ. Հոգ Չէ, Սխալ Խօսեցէք, Բայց…

Յունիս 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Ոմանք վախնալով, որ սխալ կը խօսին, կը խուսափին հայերէն խօսելէ, եւ ես անոնց շարունակ կ՛ըսէի.

– Հոգ չէ, սխալ խօսեցէք, բայց հայերէն խօսեցէք:

Այսօր ալ նոյնը կ՛ըսեմ ու պիտի ըսեմ: Միայն թէ սխալ խօսիլ կայ, սխալ խօսիլ ալ կայ: Կարգ մը սխալներ կրնան նեղ կացութեան մատնել մարդը, նոյնիսկ կրնան գործ բանալ անոր գլխուն:

Ուրիշ լեզուներ զիս չեն շահագրգռեր, բայց հայերէնը իր հարուստ բառապաշարով կրնայ սխալ խօսած ըլլալու ծուղակներ լարել մեզի: Ասիկա կատակի նիւթ ալ կրնայ դառնալ: Ուստի մենք այս կատակի կողմէն մօտենանք եւ փնտռենք, թէ սխալ արտասանութիւններ ինչ արդիւնքներ կրնան տալ մեր մայրենիով խօսողներուն:

Յիշեմ մեր դպրոցները: Դպրոցներուն համար կ՛ըսենք, որ ասոնք ուսում կը ջամբեն: Ջամբել բայը կը նշանակէ տալ, մատակարարել: «Ուսում ջամբել» բացատրութիւնը կը նշանակէ ուսում տալ, ուսում մատակարարել: Դպրոցները ուսում կու տան, ուսում կը ճամբեն: Այս ջամբել բառը արդէն ուսումէն զատ ո՛չ մէկ բառի հետ կը գործածենք: Դպրոցները ուսում կը ջամբեն: Բայց չըլլա՛յ, որ ձայնային նմանութենէ խաբուելով ըսէք.

– Դպրոցները ուսում կը ճամբեն:

«Ջամբել»-ու եւ «Ճամբել»-ու միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ: Մէկը տալ կը նշանակէ, միւսը վռնտել: Դպրոցը ուսում չի վռնտեր: Ուսում կու տայ:

Բոլորս ալ մեր ապրած երկրի օրէնքներուն հպատակելով` տուրք կը վճարենք, հարկ կը վճարենք: Հարկը տուրք կը նշանակէ: Ան, որ իր տուրքը կը վճարէ, իրաւունք կ՛ունենայ ըսելու կամ գրելու.

– Ես հարկատու եմ:

Բայց չըլլայ, որ ձայնի նմանութենէ խաբուելով` ըսէ.

– Ես յարկատու եմ:

Այն ատեն կը ստիպուի տալ ո՛չ թէ իր հարկը, այլ` իր յարկաբաժինը:

Անշուշտ կը կատակենք: Բայց այս կատակը մեզի մտածել կու տայ, կամ մտածել պէտք է տայ մեր լեզուին մէջ գործածուած ինչ-ինչ նմանաձայն բառերու մասին: Փոքրիկ սխալով մը այդ մէկ բառէն կրնաք ցատկել դէպի միւս բառը: Ահաւասիկ` աշակերտ մը, որ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր իր դպրոցական դասերուն վրայ կ՛աշխատի: Կը հարցնենք, թէ ի՛նչ կ՛ընէ: Ան կ՛երեւի, թէ ուսուցիչէն նոր սորված է, կը գործածէ գեղեցիկ բառ մը.

– Դաս պատրաստելով կը պարապիմ:

«Պարապիլ»-ը պարապ բառին հետ կապ չունի, զբաղիլ կը նշանակէ: Մեր աշակերտը մեզի ըսաւ, որ «Դաս պատրաստելով զբաղած է»: Բարեբախտաբար ճիշդ ըսաւ: Կրնար սխալ մը գործել ու ըսել.

– Դաս պատրաստելով կը տառապիմ:

Թերեւս իսկապէս կը տառապի իր այդ դասը սորվելու ընթացքին, բայց գիտենք, որ ան այդպէս ըսել չէր ուզած:

Շատ անգամ անդրադարձած ենք այն նմանութեան, որ կը գտնուի «Ճար» ու «Ճառ» բառերուն միջեւ: Ոմանք իրարու հետ կը խառնե՞ն արդեօք հնչիւնով այնքան մօտիկը, բայց իմաստով այնքան հեռու այս երկու բառերը: Չեմ կարծեր, որ կը խառնեն, հայախօս մարդը այնքան մը գիտէ: Բայց թերեւս ուղղագրութեան մէջ այնքան ալ վարպետ չէ: Ուստի, եթէ դժուարութեան մը դիմաց լուծում չի կրնար գտնել, եթէ այդ դժուարութիւնը չի կրնար յաղթահարել, պիտի գրէ.

– Ճար չունիմ:

Չըլլայ, որ գրէ «Ճառ չունիմ»: Աղէտ չի պատահիր անշուշտ, բայց դիմացինը կը կարծէ, որ ան խօսելու խօսք, ըսելու ճառ չունի:

Ճառ խօսիլ: Աւելի գեղեցիկ բառը ունինք: Ճառախօսութիւն: Ճառախօսներ շատ կան մեր շուրջ, մանաւանդ ակադեմական շրջանակներէ ներս: Ասոնք յաճախ հոս ու հոն կը հրաւիրուին զանազան նիւթերու մասին ճառախօսելու: Ահա անոնցմէ մէկը, որ կ՛ըսէ.

Այս իրիկուն պիտի ճառախօսեմ:

Չըլլայ, որ սխալ հասկնաք ու կարծէք, որ ան կ՛ըսէ.

– Այս իրիկուն պիտի չարախօսեմ:

Թէեւ աշխարհի վրայ, մանաւանդ քաղաքական մարզէ ներս, շատեր բեմ կը բարձրանան, որպէսզի չարախօսեն, որպէսզի ասոր անոր հասցէին չարախօսութիւն ընեն, բայց մեր գործը հիմա մեր արժանաւոր ճառախօսներուն հետ, է եւ անոնք ալ իրենց կարգին գործ չունին չարախօսութեան հետ: Անոնք թերեւս կրնան երբեմն գործ ունենալ «շատախօսութեան» հետ, բայց անոնցմէ ոչ մէկը անշուշտ մեզի պիտի ըսէ.

– Այս իրիկուն պիտի շատախօսեմ:

Եթէ կատակը մէկդի ընենք, պիտի ըսենք, որ բարեբախտաբար վերիններուն նման սխալներ չեն գործուիր մեր արդէն բառերու աղքատութեամբ ընթացող խօսակցութիւններու ընթացքին: Այս պատճառով ալ պիտի շարունակենք ըսել.

– Սխալ խօսեցէք, հոգ չէ, բայց մեր մայրենիով խօսեցէք:

Այնուհանդերձ ահաւասիկ մեր մէկ բարեկամը, որ իր կնոջը հետ թեւ-թեւի մեր դիմաց կ՛ելլէ: Կը խօսինք: Կը խօսինք ամուսնական կեանքի մասին: Մեր բարեկամը կ՛ըսէ.

– Ամուսնութիւնը կեանքի յորձանքի մաս կը կազմէ:

Իրաւունք ունի: Ամուսնութիւնը բնականոն պայմաններու մէջ կեանքի յորձանքին, այսինքն կեանքի հոսանքին, կեանքի գնացքին մասերէն մէկն է: Բայց չըլլայ, որ լեզուն սայթաքի ու ըսէ.

– Ամուսնութիւնը կեանքի փորձանքին մաս կը կազմէ:

Խեղճը առաջին ապտակը պիտի ստանայ իր կնոջմէ:

 

Նախորդը

Պետօ (Աղեքսանդր Պետրոսեան, 1870-1896), Հայ Ազատագրական Շարժման Անպարտելիութեան Աղբիւրը

Յաջորդը

Պատերա՞զմ Թէ՞ Խաղաղութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?