Երէկ առաւօտուն Հուփսի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Իտալիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար մինի պասքեթպոլի միջազգային 25 մրցաշարքին:
2006-ի ծնունդ դասակարգին մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 64 երկիրներէ հասած մարզիկներ, որոնց կարգին` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Արժանթին, Սպանիա, Սերպիա, Լեհաստան եւ ուրիշներ:
Յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով Հուփս կը մասնակցի այս ախոյեանութեան:
Նախորդ տարի 2005-ի ծնունդ դասակարգին մէջ Հուփս հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Պատուիրակութեան նախագահն է Ժատ Հաժ, մարզիչը` Զիատ Նաթուր, իսկ մարզիկները` Ուաէլ Սլէյման, Ժատ Սալիպի, Ռամի Հաշեմ, Նիքոլա Շուէյրի, Ալեքսանտր Շուէյրի, Ֆեռնանտօ Աշքար, Պրայըն Քուփալի, Պուտի Սալիմ, Թէօ Թըրք եւ Օմար Քամպըրսի: