Ահտ ֆութպոլի ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյման, անդրադառնալով խումբին կատարած Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի իրագործումին, ըսաւ, որ 5-րդ անգամ Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալը կը նկատէ շատ գնահատելի եւ յոյսով է, որ խումբին յաջողութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ տարեշրջաններուն:
Ան ըսաւ, որ նախորդ տարեշրջանին խումբին ընդհանուր պիւտճէն անցաւ մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարը:
Ինչ կը վերաբերի գերմանացի մարզիչ Ռոպերթ Եասպերթը Մուսա Հըժէյժով փոխարինելուն, ան ըսաւ, որ տեղական գետնի վրայ այժմ Հըժէյժ կը հանդիսանայ լաւագոյն մարզիչը:
Վերջապէս, անդրադառնալով յուլիսին տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն, Սլէյման ըսաւ, որ եթէ կազմուի համախոհական ցանկ մը, ինք ատոր դէմ պիտի չբողոքէ:
«Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն Ահտ ակումբի թեկնածուն պիտի ըլլայ Մուսա Մաքքին», եզրափակեց Թամիմ Սլէյման:



