Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Թեմփերլէյ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թալիերեսը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հիւրընկալ կազմին եւ մրցումին հաշիւը բացաւ ուրուկուէյահայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան` 34-րդ վայրկեանին:
Ան մրցումին մասնակցեցաւ 90 վայրկեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թեմփերլէյ, իր կէտերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացնելով 33-ի, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 17-րդ դիրքը: