Ճէյմս Եւ Քարի`
Թրիպըլ Տապըլի Հեղինակներ
«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան, աւարտականի երկրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի միջեւ:
Անիկա դարձեալ աւարտեցաւ Ուորիըրզի յաղթանակով, այս անգամ` 132-113 արդիւնքով: Առաջինը` 113-91 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 34-40, 30-27, 24-35 եւ 25-30:
Իւրաքանչիւր կազմէն մէկական մարզիկ թրիփըլ-տապըլ իրագործեց:
Ուորիըրզէն այդ իրագործումը կատարեց Սթեֆըն Քարի (32 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), իսկ Քաւալիրզէն` Լեպրոն Ճէյմս (29 կէտ, 11 ռիպաունտ, 14 էսիսթ):
Նշենք նաեւ, որ Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քեւին Տիւրընթ (33 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 22 կէտ եւ 7 ռիպաունտ: