Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՖԻՊԱ» – Ասիա 2017. Լիբանանի Ա. Հանգրուանի Մրցակիցները` Ղազախստան, Հարաւային Քորէա Եւ Նոր Զելանտա

Մայիս 31, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յակոբ Խաչերեան

Երէկ` երեքշաբթի, 30 մայիսին, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), տեղի ունեցաւ «ՖԻՊԱ» – Ասիա 2017-ի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը` մեծ թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեամբ:

Անոնց կարգին էին` Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին ներկայացուցիչը Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի ողիմպիականի կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, քաղաքապետեր, տարբեր ակումբներու եւ միութիւններու նախագահներ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Ծանօթ է, որ 8-20 օգոստոսին Լիբանան առաջին անգամն ըլլալով պիտի հիւրընկալէ այսպիսի մեծ տարողութեամբ պասքեթպոլի մրցաշարք մը` «ՖԻՊԱ» – Ասիա 2017-ը:

Այս ախոյեանութեան մասնակցող 16 խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակներու, իւրաքանչիւրը` 4 խումբ:

Լիբանան, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն  մրցակից պիտի ունենայ Ղազախստանը, Հարաւային Քորէան եւ Նոր Զելանտան:

Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Իրանը, Յորդանանը, Սուրիան եւ Հնդկաստանը:

Բ. խմբակին մէջ են Իրաքը, Չինաստանը, Ֆիլիփեան կղզիները եւ Քաթարը:

Վերջապէս, Դ. եւ վերջին խմբակին մաս կը կազմեն Ճափոնը, Հոնկ Քոնկը, Թայփէն եւ Աւստրալիան:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Յակոբ Խաչերեան ըսաւ.

«Շատ ուրախ եմ, որ իմ ներկայութեամբս տեղի կ՛ունենայ այս մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:

«Բոլորն ալ գիտեն, որ Լիբանան մեծ իրագործումներ կատարած է միջազգային գետնի վրայ եւ կը նկատուի Ասիոյ լաւագոյն ազգային խումբերէն մէկը:

«Շնորհաւորանքի խօսքս կ՛ուղղեմ ֆետերասիոնին նախագահին` Փիեռ Քախիային եւ այլ անդամներու, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին, որ Լիբանան ըլլայ հիւրընկալ երկիրը:

«Բոլորին կը մաղթեմ յաջողութիւն: Շնորհակալութիւն Լիբանան եւ յաջողութիւն Լիբանանին:

Նախորդը

Արթուր Պետրոսեան Հաւաքական Հրաւիրեց Բարձրագոյն Խումբի 7 Ֆութպոլիստ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Աղջկանց 16 Տարեկանէն Վար  Ազգային Խումբը Կը Մասնակցի  Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Աղջկանց 16 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Կը Մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան

Փետրուար 4, 2023
«Եւրօ-2025».  Կատարուեցաւ 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Ախոյեանութեան Զտումի  Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւնը
Մարզական

«Եւրօ-2025». Կատարուեցաւ 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւնը

Փետրուար 4, 2023
Ուրարտուի Յաղթանակը` Տուպայի Մէջ
Մարզական

Ուրարտուի Յաղթանակը` Տուպայի Մէջ

Փետրուար 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In