
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն ետք «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ Արեւմտեան շրջանի աւարտականին 135-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 4-1 արդիւնքով գերազանցեց Պոսթըն Սելթիքսը:
Արձանագրուած այս վերջին յաղթանակին ընթացքին, Քաւալիրզի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լեպրոն Ճէյմս (35 կէտ, 8 ռիպաունտ, 8 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Քեւին Լովէ, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 11 ռիպաունտ): Սելթիքսէն Էյվըրի Պրետլի նշանակեց 23 կէտ:
Աւարտականի մրցումները, որոնք պիտի սկսին 2 յունիսին, կը խոստանան ըլլալ բաւական հետաքրքրական` Քլիվլենտ Քաւալիրզի եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի միջեւ: