Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հանդիպում ունեցած է զինուած ուժերու ղեկավար կազմին հետ: