Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՎԻԱՐԱԿՈՍԱՅԻ ՍԱՐՔԱԾ ԸՆԹՐԻՔԸ` ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑԻ ԱՌԻԹ

October 20, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարակոսայի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած ընթրիքի ընդունելութիւնը վերածուեցաւ Միջին Արեւելքի երեք կրօններու ներկայացուցիչներուն միջեւ ուշագրաւ հանդիպումի ու խորհրդակցութեան առիթի, որ ընդգրկեց անմիջականօրէն հայութիւնը եւ ընդհանրապէս Լոս Անճելըսի ընկերութիւնն ու միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:

Վեհափառին հովուապետական այցելութեան առիթով` Լոս Անճելըսի քաղաքապետը իր բնակարանին` «Կեթթի Հաուս»ի մէջ ընթրիք մը սարքած էր երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերի երեկոյեան: Վեհափառին եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողքին հրաւիրուած էին քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ համայնքներու կրօնական առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ժողովականութեան անդամներ ու բարերարներ:

Քաղաքապետ Վիարակոսա նախ առանձնացաւ վեհափառին ու առաջնորդ սրբազանին հետ` առանձին հանդիպումի մը համար: Ան ողջունեց վեհափառին ներկայութիւնն ու Լոս Անճելըսի շրջանին շնորհած հովուապետական այցելութիւնը:

Անոնք ապա միացան ընթրիքի հիւրերուն, ուր քաղաքապետը անգամ մը եւս ողջունեց վեհափառն ու ներկաները` յայտարարելով, որ առաջին անգամն ըլլալով իր բնակարանին մէջ հիւր կ’ունենայ հոգեւոր պետ մը:

Տարբեր կրօններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչները մէկ սեղանի շուրջ համախմբող երեկոն վերածուեցաւ հետաքրքրական զրոյցի, ձեւով մը` միջկրօնական երկխօսութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հիւրընկալը: Շեշտուեցաւ, որ թէեւ կրօններու միջեւ կան տարբերութիւններ, սակայն կենսական են փոխադարձ յարգանքը, վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումն ու գոյակցութեան ոգիի տարածումը: Վեհափառը, մեկնելով իր ապրած փորձառութիւններէն, պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Սրտի խօսք մը արտասանելով` հիւրընկալ քաղաքապետը դրուատիքով խօսեցաւ վեհափառին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի զարգացման մէջ հայութեան ներդրումին մասին: Հուսկ` վեհափառն ու քաղաքապետ Վիարակոսա յուշանուէրներ փոխանակեցին:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀՈԼԼԱՆՏ ԻՐ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՄՐԱՊՆԴԷ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.