Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԾԱՆՕԹԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ

March 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Քոչարեան` «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ

Երէկ` ուրբաթ, 18 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին,  Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ աւանդական կերպով հիւրընկալուելէ ետք, ծանօթացաւ միութեան գործունէութեան ու ծրագիրներուն: Կեդրոնին տարբեր յարկերը շրջագայելէ ետք, «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը դեսպանին եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, միաւորներուն, վարչութիւններուն ու գեղարուեստի պատասխանատուներուն միջեւ:

Հաւաքին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան. ան ըսաւ, որ կեդրոնը իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր հոգեւոր փոքրիկ Հայաստան մըն է, ուր գոյութիւն ունի մշակութային կենսունակութիւն ու ազգային շունչ:

Կիրակոսեան շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն առաջ արդէն Համազգայինը միշտ հայրենիքի հետ կապի մէջ էր` Լիբանան հրաւիրելով տաղանդաւոր արուեստագէտներ, որոնք ելոյթներով կամ կառոյցին մէջ իբրեւ տնօրէն, գեղարուեստական պատասխանատու կամ ուսուցիչ պաշտօնավարելով հանդիսացած են հայրենիք-լիբանանահայութիւն կապը:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ ներկայացուց քոլեճին ու Հայաստանի «Կոմիտաս»ի անուան պետական երաժշտանոցին միջեւ համաձայնութեան հիմքերը եւ քոլեճին նոր աշխատանքներն ու իրագործումները: Ան հաստատեց, որ քոլեճը ներկայիս իր զոյգ կեդրոններուն մէջ ունի աւելի քան 350 աշակերտներ, որոնք կը հետեւին երաժշտական ուսումնական յստակ ծրագիրի:

Քեչեկի խօսքին յաջորդեց քոլեճի եռեակներուն կատարողութեամբ գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան հաստատեց, որ «Լ. Շանթ» կեդրոն իր առաջին այցելութեամբ առկայ յառաջացած մթնոլորտը ստեղծեց հարազատութիւն եւ ամուր կապեր: Քոչարեան ըսաւ, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնց մէջ պիտի ներառուին գեղարուեստական երեկոներ, որոնց Համազգայինի մասնակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան շեշտեց, այնքան ատեն որ Համազգայինը եւ այլ կառոյցներ Լիբանանի մէջ կը տանին մշակութային արդիւնաւէտ գործունէութիւն, ապա արդէն դեսպանատան մշակութային կցորդի դերը իրականացած կ՛ըլլայ: Ան յոյս յայտնեց, որ համազգայինի բոլոր միաւորները շարունակեն իրենց օգտաշատ գործունէութիւնը եւ «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի երիտասարդ աշակերները ապագային դառնան միջազգային մրցանակներու դափնեկիրներ ու շարունակեն նախորդներուն առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի ՍԵՄԻՆԱՐ. ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Յաջորդը

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. «ՈՉ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԶՐԿԵԼՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.