Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թամըս Շենընի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է վերցնել Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութեան տարիներուն ստեղծուած խոչընդոտները, որոնց շարքին օրինակ` Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական անշարժ գոյքի փաստացի բռնագրաւումը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդուի Դիմատետրի վրայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական էջին վրայ:
«Տեղի ունեցած է հանգամանալից զրոյց երկկողմ յարաբերութիւններու լայն շրջանակի վերաբերեալ: Ռուսական կողմը ընդգծած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար կը պահանջուի վերցնել շարք մը խոչընդոտներ, որոնք ստեղծուած են Պարաք Օպամայի վարչակարգին օրով, որ խախտելով միջազգային իրաւունքը` նոյնիսկ դիմած է Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր պետական սեփականութիւն հանդիսացող եւ անձեռնմխելիութիւն ունեցող Ռուսիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու կեդրոններու փաստացի բռնագրաւման», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կայքը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը դեկտեմբեր 2016-ի վերջաւորութեան պատժամիջոցներ սահմանած է ռուսական ինը հաստատութեան, ընկերութիւններու եւ անհատներու դէմ` «ընտրութիւններուն միջամտութեան» եւ Ռուսիոյ մէջ աշխատող «ամերիկացի դիւանագէտներու վրայ ճնշման» համար: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներ փակած են հասանելիութիւնը երկու բնակելի համալիրներու, որոնք ռուսական դիւանագիտական սեփականութիւն են: