Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Մէջ Մահապատիժի Վերականգնման Շուրջ Հանրաքուէի Կայացման Պարագային Գերմանիոյ Թուրքերը Ատոր Պիտի Չմասնակցին» Ըսաւ Մերքել

May 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերականգնման հարցին շուրջ հանրաքուէի կայացման պարագային Գերմանիոյ թուրքերը պիտի չկարենան ատոր մասնակցիլ:

«Գերմանական հողին վրայ մահապատիժի մասին օրէնքի հաստատումը անկարելի է», ըսաւ Մերքել:

Նախապէս Գերմանիոյ խորհրդարանի գիտական ծառայութեան բաժինը զգուշացուցած էր, որ մահապատիժը կը հակասէ երկրի սահմանադրութեան, եւ ատոր վերականգնման համար կատարուելիք հանրաքուէն չի կրնար ընդունելի ըլլալ իրենց կողմէ:

Մինչ այդ, թրքական «Տիքեն» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է չյապաղելու մահապատիժի մասին օրէնքի վերականգնման հարցին մէջ:

«Մահապատիժի մասին օրէնքը հասարակական պահանջ է, եւ իշխանութիւնները կ՛աջակցին այդ գաղափարին: Այդ պարագային` մի՛ ուշանաք», ըսած է Պահչելի:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժը օրինական կիրարկում ունէր մինչեւ 2004 թուականը, սակայն գործնականին մէջ անիկա չէ կիրարկուած 1984-էն ի վեր:

Միւս կողմէ, գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները Գերմանիա գտնուող թուրք զինուորականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն քաղաքական ապաստան տրամադրած են` ընդառաջելով անոնց խնդրանքին:

Գերմանիոյ Ռայնլանտ-Փֆալց մարզ գտնուող ՕԹԱՆ-ի «Ռամշթայն» ռազմակայանին մէջ ծառայող քանի մը թուրք սպաներ Գերմանիայէն ապաստան խնդրած են: Թուրք զինուորականները չեն ուզեր վերադառնալ Թուրքիա, ուր 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձէն ետք սկիզբ առած զանգուածային ձերբակալութիւններու եւ անձնակազմերու զտումներու ծիրին մէջ կրնան ճնշումներու ենթարկուիլ:

 

Նախորդը

Իսրայէլի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Թիլըրսըն Եւ Չաւուշօղլու Դարձեալ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Են

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.