«Լիբանան զբօսաշրջային բացառիկ երկիր է եւ օժտուած է զբօսաշրջային բոլոր տարրական տուեալներով», հաստատեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` նախատեսելով զբօսաշրջային ծաղկուն եղանակ ընթացիկ ամրան համար:
«Պէյթ Մըսք» ամառնային փառատօնի մեկնարկը յայտարարող մամլոյ ասուլիսին առիթով կատարած իր յայտարարութեամբ նախարար Կիտանեան ըսաւ. «Լիբանան քաղաքակրթական, մշակութային եւ արուեստի հիմքերով ու տուեալներով օժտուած երկիր է եւ անոնց շնորհիւ անիկա կրնայ նկատուիլ զբօսաշրջային կարեւոր կեդրոն մը համայն աշխարհին համար»:
«Ես կը հաւատամ, որ միասնաբար կրնանք յաղթահարել նախկին բոլոր դժուարութիւնները եւ թօթափելով անցեալի խոչընդոտները կրնանք վերականգնիլ աւելի հզօր կերպով, «Պէյթ Մըսք»-ի եւ այլ փառատօներու հետ», ընդգծեց նախարար Կիտանեան: Ան դիտել տուաւ, թէ շաբթուան հինգ օրերուն ընթացքին, ինք օրական փառատօնի մը մեկնարկը կը կատարէ, եւ այդ փառատօներուն շարքը երկար է: Կիտանեան բարձր գնահատեց այս փառատօնը, «որուն բնոյթը բոլորովին տարբեր է, անիկա պիտի կայանայ ոչ թէ սովորական գիւղի մը կամ քաղաքի մը մէջ, այլ` պիտի նշուի յատուկ վայրի մը մէջ, այս երկրին հաւատացող անձերու յատուկ նախաձեռնութեամբ»: Նախարար Կիտանեան յիշեց նաեւ այս փառատօնի հիւր արուեստագէտները` երկու կարեւոր անուններ, որոնցմէ առաջինը` Մարսել Խալիֆէ, ազգային, արաբական ու շրջանային մեծ յարգանք վայելող դէմք, իսկ երկրորդը` Կարու համայն աշխարհի մէջ ծանօթ անուն մը:
Մամլոյ ասուլիսին խօսք առին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, փառատօնի տնօրէն Սարա Ապու Ժաուտէ – Մանուկեան եւ «Պէյթ Մըսք»-ի տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ժորժ Զարտ Ապու Ժաուտէ:
Սարտուք անդրադարձաւ այս փառատօնի իւրայատկութեան, «որ կը տարբերի այլ փառատօներէ եւ անիկա կ՛ընդգրկէ բոլորին կողմէ սպասուող արեւելեան ու արեւմտեան երանգներով յատկանշուող յայտագիր»:
Փառատօնի տնօրէն Սարա Ապու Ժաուտէ- Մանուկեան նոյնպէս շեշտեց այս փառատօնի առանձնայատկութիւնը` ընդգծելով, որ «Սամըր Միսք» կարգախօսով այս փառատօնը իր իւրայատուկ յայտագիրով պիտի ներգրաւէ լիբանանեան բոլոր շրջաններէն այցելող բոլոր տարիքի հանդիսատեսները: Մանուկեան արտայայտեց իր խոր գոհունակութիւնն ու հպարտութիւնը, որ այս փառատօնը իր կարեւոր ներդրումը կ՛ունենայ Լիբանանի զբօսաշրջութեան ծաղկումին մէջ:
29-30 յունիս 2017-ին նախատեսուող այս փառատօնին մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Ժորժ Զարտ Ապու Ժաուտէ, որ բարձր գնահատեց լիբանանեան զբօսաշրջային մարզը աշխուժացնող նախարար Աւետիս Կիտանեանի ճիգերը` մաղթելով, որ զբօսաշրջային փայլուն եւ ծաղկուն եղանակ մը կը դիմաւորենք: Ապա ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց փառատօնի յայտագիրին մասին:



