Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ Շուշիի մէջ հանդիպում ունեցած է 2017-ին զօրացրուած, ինչպէս նաեւ ներկայիս ժամկէտային զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող եւ ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեան ու խիզախութեան համար խրախուսման արժանացած խումբ մը զինուորներու եւ զօրացրուած սպաներու հետ: Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ զինուորականներ` հազարապետ – զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանց եւ գնդապետ – զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան, որոնց անցած ուղին օրինակ է ներկայիս զինուորներուն համար:
Աւանդական դարձած այս ձեւաչափով հանդիպումին նախագահը զինուորներուն առաջարկած է անկաշկանդ խօսիլ զիրենք անհանգստացնող խնդիրներու, պաշտպանութեան մարզի արդիականացման, բարեփոխումներու, հայրենիքի հետագայ հզօրացման ու զարգացման պատկերացումներու մասին եւ ներկայացնել իրենց առաջարկները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատասխանելու հանդիպումին մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն, լսելու զինուորներուն կարծիքները պաշտպանութեան նախարարի առաջարկած «Պատիւ ունիմ» եւ «Ես եմ» գաղափարներուն վերաբերեալ:
«Առաջին հանդիպումէն ետք ծնաւ գաղափար` այս հանդիպումները դարձնելու պարբերական` յոյս ունենալով, որ յունուարին Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը զարգանայ եւ ընթանայ նոյն ճամբով: Ասիկա մեզի կարելիութիւն կու տայ մէկ կողմէ` իբրեւ խրախուսանք օգտագործել այս հանդիպումները, որովհետեւ դժուար թէ ձեզմէ շատերը կարելիութիւն ունենային հանդիպելու Արկադի Տէր Թադեւոսեանի եւ Նորատ Տէր Գրիգորեանցի հետ, միւս կողմէ ալ` ատիկա մեզի կարելիուլթիւն կու տայ ուշադրութիւն դարձնելու այն հարցերուն եւ հանգամանքներուն վրայ, որոնք առաջին հայեացքէն մեզի համար տեսանելի չեն` ձեր համազգեստի յարմարաւէտութենէն, ձեր սպառազինութեան ամբողջականութենէն սկսեալ, մինչեւ մարտական պատրաստականութեան խնդիրները:
«Այսօր բոլորիս համար շատ յիշարժան օր է, շատ յիշարժան օր, որովհետեւ, եթէ 25 տարի առաջ չըլլար այս օրը, մենք ո՛չ միայն կարելիութիւն պիտի չունենայինք այստեղ նստելու, այլեւ թերեւս արդէն կորսնցուցած ըլլայինք այս Արցախ աշխարհը, որովհետեւ Շուշիի ազատագրումը մեզի կարելիութիւն տուաւ ամբողջովին զօրաշարժի ենթարկելու մեր ուժերը, դառնալու «ազգ-բանակ» եւ հասնելու անոր, որ Ղարաբաղը ամբողջովին ազատագրուի, եւ ապահովէ գոնէ այստեղ ապրողներուն անվտանգութիւնը:
«Կ՛ուզեմ որ դուք, գնահատելով ուրիշներուն վաստակը, գնահատելով այն մարդոց վաստակը, որոնք մեր յաղթանակը իրականութիւն դարձուցին, գնահատէք նաեւ ձեր վաստակը, որովհետեւ եթէ դուք չըլլայիք, չըլլային ձեզմէ առաջ ծառայողները, ակնյայտ է, որ աւագ սերունդի յաղթանակները կոպէկի արժէք պիտի չունենային», հանդիպումին սկիզբը ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Հանրապետութեան նախագահին եւ հանդիպումին մասնակիցներուն ներկայացուցած է պաշտպանութեան մարզի արդիականացման եւ բարեփոխումներու շրջագիծին մէջ կատարուող հերթական նախագիծը, որ կը կոչուի «Դիտակէտ»: Անիկա, ըստ նախարարին, կոչուած է զօրացրուած զինուորներու մասնակցութեամբ զօրամաս առ զօրամաս վեր հանելու առկայ խնդիրները, անոնց լուծումներ տալու եւ բանակին մէջ ապահովելու առաւելագոյն թափանցիկութիւն եւ հաշուետուողականութիւն:



