Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաթիս. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Ստեղծման Առաջարկը Կը Սերտէ»

Մայիս 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ մանրամասնօրէն կը սերտեն Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներ ստեղծելու վերաբերեալ առաջարկները»` աւելցնելով. «Պիտի սերտենք առաջարկները եւ տեսնենք, եթէ որեւէ ազդեցութիւն ունին, իսկ առակն ալ կ՛ըսէ, որ սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ է, այնպէս չէ՞: Ուստի պէտք է մանրամասնութիւնները սերտենք եւ տեսնենք,  եթէ կարելի է զանոնք գործադրել եւ թէ պիտի կարենա՞նք ըսել, թէ կրնան ազդու ըլլալ»:

Փենթակոնի ղեկավարը ըսաւ, որ նշեալ գօտիներու սահմանները ընդհանուր առմամբ յստակ են, սակայն գոյութիւն ունին հարցեր, որոնց վրայ Միացեալ Նահանգներ կարիքը ունին յաւելեալ լոյս սփռելու: «Գօտիներուն մէջ ապահովութիւնը ո՞վ պիտի երաշխաւորէ, ո՞վ այդ պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ, եւ ո՞վ ատոր շրջագիծէն դուրս պիտի մնայ», հարց տուաւ ան:

Մաթիս նշեց, որ ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտերու ղեկավար Ճոզըֆ Տանֆըրտ անցեալ շաբաթ օր իր ռուս գործընկերոջ` Վալերի Կերասիմովի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անդրադարձած էր Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներ ստեղծելու հարցին:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 10 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցերը:

Մոալլեմ. «Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներուն Մէջ
ՄԱԿ-ի Հսկողութեան Տակ Միջազգային Ուժեր Պիտի Չըլլան»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը զօրակցած է Լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման համաձայնութեան` աւելցնելով, որ այդ գօտիներուն մէջ ՄԱԿ-ի հսկողութեան տակ եղող միջազգային ուժեր պիտի չըլլան:

«Մենք յանձնառու ենք արձանագրութեան, եւ կը յուսանք, որ զինեալ կողմերը ատոր յանձնառու ըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ որեւէ զինեալ խմբաւորումի կողմէ (համաձայնութեան) խախտում արձանագրուի, հակադարձութիւնը խիստ պիտի ըլլայ»:

Մոալլեմ յայտնեց, որ զինադադարի համաձայնութիւնը ստորագրած զինեալ խմբաւորումները Ժապհաթ Նուսրան դուրս պէտք է բերեն Լարուածութեան մեղմացման գօտիներէն, իսկ համաձայնութեան երաշխաւոր կողմերը պէտք է անոնց օգնեն: Ան նշեց, որ երաշխաւոր երկիրներուն պարտականութիւնն է այդ գօտիներուն մէջ արտաքին միջամտութիւնները եւ Սուրիոյ բանակին դէմ յարձակումները արգիլել: «Միշտ կը զգուշացնենք, որ Թուրքիան իր ստորագրած համաձայնութիւնները չի յարգեր», աւելցուց ան:

Պատասխանելով Յորդանանի կառավարութեան բանբերին յորդանանեան ուժերու Սուրիա մուտք գործելու կարելիութեան մասին յայտարարութեան` Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ. «Յորդանանի հետ բախում չենք ուզեր, սակայն եթէ յորդանանեան ուժերը առանց մեզի հետ համակարգում կատարելու Սուրիոյ մէջ միջամտութիւն կատարեն, զանոնք ներխուժող ուժեր պիտի նկատենք»:

Միւս կողմէ, ան ըսաւ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ներկայ հանգրուանին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ քիւրտերու պայքարը` երկրին միութեան ու գերիշխանութեան ծիրին մէջ, օրինական է:

 

Նախորդը

Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Զգուշացնէ Սէուտական Արաբիան Անխոհեմ Քայլերէ

Յաջորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Արցախի Մէջ Դժբախտ Պատահարի Պատճառով Զինուորներ Զոհուած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?