«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Ուքրանիոյ հարցով իր բոլոր ծրագիրներուն տապալումէն ետք, ՕԹԱՆ կը փորձէ երկխօսութիւն կատարել Ռուսիոյ հետ:
«ՕԹԱՆ-ի մէջ նեղուած են, որ Ուքրանիան իրենց ազդեցութեան գօտի մտցնելու եւ նոյնիսկ դաշինքին մէջ ներառելու ծրագիրը ձախողած է», նշած է Լաւրով: Ըստ անոր, այդ պատճառով ՕԹԱՆ-ի անդամները «սառեցուցած են ամէն բան, որ զիրենք կը միաւորէր` ի դէմս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ Ռուսիան պատրաստ է համագործակցելու ՕԹԱՆ-ի հետ, սակայն միայն պիտի խօսի «իրաւահաւասարութեան եւ հետաքրքրութիւններու փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ»: