«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Արցախի տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ մեծ դեր կը խաղայ երկու գործօն` ժամանակն ու հակամարտութեան կողմերու մտադրութեանց լրջութիւնը. այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի:
«Տագնապի լուծման կարելի է հասնիլ, երբ բոլոր գործօնները նկատի առնուին: Այդ պատճառով ալ կը կարծեմ, թէ ճիշդ չէ այն կարծիքը, որուն համաձայն Արցախի հակամարտութիւնը կարելի է լուծել մէկ մարդու կամ մէկ երկրի կողմէ», յայտարարած է բանբերը:
Քասեմի նաեւ նշած է, որ Արցախի տագնապի լուծման հիմնական գործօններէն մէկը ժողովո՛ւրդն է: «Պէտք է լրջօրէն մօտենալ այդ հարցին: Առանց ժողովուրդին կամքը նկատի առնելու Արցախի տագնապը լուծելը անկարելի՛ է: Այս հարցին մէջ ժողովուրդին դերը վճռորոշ պիտի ըլլայ», շեշտած է ան: