Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ «ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՅ ԱՄԻՐԱՅԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԸ» ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

March 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանդիպումէն պահ մը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 18 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացում` Յակոբ Պարսումեանի «Իսթանպուլի հայ ամիրայական դասակարգը» խորագրեալ գիրքին:

Յակոբ Պարսումեանը ներկայացուց Յակոբ Պալեան, որ խօսեցաւ անոր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն մասին` Հալէպի Ճեմարանէն Միացեալ Նահանգներ եւ Փարիզ իր մեկնումը, ապա Լիբանան վերադարձը: Պալեան յայտնեց, որ Յակոբ Պարսումեանի երազն էր ուսուցիչ դառնալ աւելցնելով, որ ան հետեւած է պատմութեան դասընթացքներու:

Երբ ան կը գտնուէր Փարիզ արդէն կը պատրաստէր իր թեզը, եւ ըսած է, թէ կ՛ուզէ Լիբանան վերադառնալ. Պալեան փորձած է համոզել իր ընկերը, որ հին օրերու երազային երկիրը չէր Լիբանան` նկատի ունենալով, որ քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերն էին, բայց Յակոբ Պարսումեան իր որբութեան դառն զգացումները յաղթահարելու համար ինքնահաստատում կը փնտռէր:

Յ. Պալեան խօսելով հեղինակին մասին ըսաւ, որ ան օսմանագէտ էր, կը տիրապետէր հայերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին, արաբերէնին եւ թրքերէնին: Հետաքրքրուած էր ֆրանսական գրականութեամբ եւ կը հետեւէր իր մտապատկերին: «Մտաւորականի տիպար էր, զոհողութեան ոգի ունէր, ընկերասէր էր», աւելցուց Պալեան:

Յ. Պալեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Կորուստ էր ընտանիքին, ընկերներուն, բայց նաեւ ազգին համար, որովհետեւ ամէն էր չեն ծնիր ու պատրաստուիր որակաւոր դէմքեր, որոնք կարեւոր են ազգի որակի բարձրացման համար… կը մնայ յիշատակը տիպարի մը, իր թռիչքի ընթացքին զարնուած մարդու մը, որ լաւ ընկեր էր, լաւ հայ էր, բոլոր յատկանիշները ունէր մեծ եւ ժամանակը դրոշմող մտաւորական ըլլալու»:

«Իսթանպուլի հայ ամիրայական դասակարգը» գիրքը ներկայացուց դոկտ. Երուանդ Քասունի:

Իր խօսքի առաջին բաժինով ան ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը` յայտնելով, որ Պարսումեան ծնած է Հալէպ` 1933-ին, ուր ամբողջացուցած է իր երկրորդական ուսումը, 1960-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աւարտած է իր ուսումը` իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրելով Միջին Արեւելքի պատմութիւնը: Քոլոմիա համալսարանին մէջ աշխատած է իր դոկտորականին վրայ եւ 1980-ին տիրացած է տիտղոսին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մութ օրերուն վերադարձած է եւ 31 յունուար 1986-ին առեւանգուած: Ինչ կը վերաբերի գիրքին, Քասունի յայտնեց, որ «Իսթանպուլի հայ ամիրայական դասակարգը» Յակոբ Պարսումեանի աւարտաճառն է` հրատարակուած Երեւանի ամերիկեան համալսարանի կողմէ: Գիրքը բաժնուած է չորս գլուխներու եւ կը խօսի հայ ամիրայական դասակարգին, ամիրաներու դերակատարութեան կարեւորութեան եւ այն իրողութեան մասին, որ այդ դասակարգն ու անոր խաղացած դերը ե՛ւ Օսմանեան կայսրութեան եւ Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ չէ արժանացած ամբողջական գնահատանքի: Երուանդ Քասունի իր խօսքին մէջ նշեց, որ ամիրաներու դասակարգին յառաջացումը ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած է հայ համայնքին համար` աւելցնելով, որ անոնց ներկայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ տիրացած էր գլխաւորաբար տնտեսական երկու մարզերու մէջ` ելեւմտական եւ ճարտարագիտական: Շատ յաճախ ամիրաներուն վստահուած էր նաեւ նաւահանգիստներէն կատարուած մաքսահաւաքի հսկողութեան պաշտօնը: Այդտեղ նաեւ կար նախանձ ու ներքին հակամարտութիւն ամիրաներուն միջեւ: Քասունի նաեւ նշեց, որ հակառակ ամիրաներու վայելած նիւթական մեծ կարողութիւններուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ անոնց ունեցած սերտ յարաբերութեան, անոնք պետութեան մէջ քաղաքական ոչ մէկ հեղինակութիւն ունէին, բայց ինչպէս Յակոբ Պարսումեան կը գրէ, «անոնք ընդարձակ առիթը գտան ու գրեթէ ամբողջական ազատութիւնը քաղաքական հեղինակութիւն ունենալու հայ համայնքին մէջ»:

Երուանդ Քասունի խօսելով «Սթանպուլի հայ ամիրայական դասակարգը» գիրքին մասին յայտնեց, որ Յակոբ Պարսումեան խօսած է նաեւ ամիրաներու գործօն դերակատարութեան մասին, ինչ որ կը դրսեւորուէր բարեգործութիւններով: Անոնք գլխաւոր նուիրատուներն էին եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու կառուցումին: Անոնք նաեւ հեռու չէին եկեղեցւոյ ներքին հարցերէն եւ անոր բարեկարգութեան նուիրուած խորհրդակցութիւններէն ու վէճերէն: Քասունի իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց այլ հանգամանք մը եւս, որուն անդրադարձած է Յակոբ Պարսումեան իր գործին մէջ: Ամիրաները իրենց ազգային գործունէութիւնը սահմանափակեցին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ եւ չկրցան կամ չուզեցին տիրութիւն ընել կայսրութեան սահմաններուն մէջ բնակող հայերուն:

«Իսթանպուլի հայ ամիրայական դասակարգը» գիրքը արժէքաւոր եւ ուսանելի ներդրում մըն է հայ պատմագրութեան մէջ», եզրափակեց դոկտ. Երուանդ Քասունի: Նշենք, որ Յակոբ Պարսումեան 1981-էն մինչեւ իր առեւանգուիլը եղած է անդամ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասախօս եւ ուսումնական ծրագիրները համադրող խումբի անդամ:

Յայտնենք, որ աշխատասիրութիւնը թարգմանուած է հայերէնի եւ թրքերէնի եւ կը սպասուի անոնց հրատարակութեան:

 

Նախորդը

«ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ»ՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԱԾ ԻՐ ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի ՍԵՄԻՆԱՐ. ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.