Իտալական Թոլֆա քաղաքի համայնքներու խորհուրդը Հռոմի հայ համայնքի «Ասոարմենի» ընկերակցութեան առաջարկով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Քաղաքապետ Լուիճի Լանտի յայտնած է, որ Թոլֆան միշտ յարգած է հայերու դժբախտ ճակատագիրի յիշատակը:
Հռոմէն ոչ հեռու գտնուող այդ փոքրիկ քաղաքին մէջ ապրող հայերը շնորհակալութիւն յայտնած են պատմական ճշմարտութեան ճանաչման հարցին մէջ քաղաքային իշխանութիւններուն դրսեւորած մարդասիրութեան համար, որմէ ետք քաղաքի այգիին մէջ օծուած է խաչքար մը: