Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Դաւիթ Լոքեան Այցելեց Արագածոտնի Մարզ

April 29, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 26 ապրիլին  Հայաստանի Արագածոտնի մարզ  կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ այցելած է Արտենի եւ Արագածաւան համայնքներ, հանդիպումներ ունեցած է նշեալ համայնքներու ղեկավարներուն հետ:

Արտենիի մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն համայնքային տարաբնոյթ խնդիրներու շուրջ: Նախարար Լոքեան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ Արտենին զարգացման լաւագոյն ծրագիրներ ներկայացուցած համայնքներու շարքին է:

Համայնքի ղեկավար Գեղամ Խլղաթեան նախարարին  ներկայացուցած է համայնքի ընթացիկ աշխատանքները, մասնաւորապէս անդրադարձած է «Արթին ջուրերու արտադրութիւն համագործակցական»-ի ընդլայնման ծրագիրին, որուն նպատակն է համայնքին մէջ զարգացնել գիւղատնտեսութիւնը, խթանել ձեռներէցութիւնը, բնակիչներուն համար ստեղծել բերքը մթերելու կարելիութիւն:   Ծրագիրին հանգամանօրէն ծանօթանալով` Դաւիթ Լոքեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ կառավարութեան նպատակն է նոր որակ հաղորդել տարածքային կառավարման եռաստիճան համակարգին` համայնք- մարզպետարան կառավարութիւն համագործակցութեան:

Արտենի եւ Արագածաւան համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ եւս անդրադարձ կատարուած է  ջուրի եւ այլ հարցերու:

Դաւիթ Լոքեան այցելած է նաեւ համայնքներուն մէջ գործող նախադպրոցական հաստատութիւններ: Նախարարը գոհունակութիւն  յայտնած է յատկապէս Արագածաւանի մանկապարտէզին մէջ կատարուող աշխատանքներուն համար` նկատել տալով, որ կազմակերպչական եւ դաստիարակչական լաւ փորձը կրնայ օրինակելի ըլլալ նաեւ այլ համայնքներու համար:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ելոյթ Ունեցած Է Հայ-Ռուսական Ռազմարդիւնաբերական Համաժողովին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Բարեկամութեան Շքանշանով Պարգեւատրեց Նախարար Միշել Ֆարաոնը Եւ Նախագահ Աունին Հայաստան Այցելելու Հրաւէր Ուղղեց

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.