
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ հանգիստ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի «ֆայնըլ-ֆոր»:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ եօթը կէտի տարբերութեամբ` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` 87-80 արդիւնքով (17-14, 40-33, 58-56 եւ 80-87):
Թէեւ մրցումին տեւողութեան Շանվիլ 11 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ (40-29), բայց ՀՄԸՄ հետզհետէ կացութեան տէր դառնալով տարաւ վերջնական յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (33), ապա` Քեւին Կալոուէյ (19), Աթեր Մաճոք (13) եւ Տուայն Ճեքսըն (11):
Շանվիլէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պրենտըն Թոմաս (21), ապա` Տանիել Օրթըն (19):
Վերջինս առաջին մրցումին նման ֆաուլ-աութով մրցումը չկրցաւ շարունակել:
ՀՄԸՄ իր երրորդ մրցումը կը կատարէ երեքշաբթի, 25 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Թատամոն կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, իսկ վաղը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Սաժես` Ռիատին:


