«Սփորթ. Էս» կայքը հաղորդեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մերժեց Պարսելոնայի բողոքը պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի որակազրկման առնչութեամբ:
Մալակայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Լա լիկա») իրաւարարին ուղղուած հեգնական ծափահարութեան համար Նէյմար որակազրկուած էր երեք մրցումով:
Ան արդէն իսկ մէկ մրցումի դաշտ չներկայացաւ (Ռէալ Սոսիետատի դէմ):
Այժմ կը մնան երկու մրցումներ:
Ան պիտի բացակայի այս շաբաթավերջին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-էն եւ 26 ապրիլին Օսասունայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն:
Ան այս տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարեց 26 մրցում` նշանակելով 9 կոլ: