«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ հիւրընկալեց Անտըրլեխթը, քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ երկարաձգումէն ետք միայն տօնեց իր յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, երբ 10-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը` փոխանցում մը ստանալէ ետք Մարքուս Ռեշֆորտէն: Հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 32-րդ վայրկեանին:
Նկատի ունենալով, որ երթի մրցումը եւս աւարտած էր 1-1 հաւասարութեամբ, դիմուեցաւ երկարաձգման, որուն ընթացքին նոյնինքն Ռեշֆորտ նշանակեց Եունայթըտի յաղթանակի կոլը (107-րդ)` աւելի քան 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այսպիսով, Մխիթարեանի կազմը` Եունայթըտ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: