Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղեան Տագնապը Չունի Զինուորական Լուծում, Անիկա Արդէն Չափազանց Կ՛երկարաձգուի» Կ՛ըսէ Սեքութա

Ապրիլ 13, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սեքութա յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը չունի զինուորական լուծում, ատոր լուծման համար անհրաժեշտ են բանակցութիւններ:

«Ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար չափազանց կարեւոր են խաղաղ բանակցութիւնները: Այդ տագնապը չունի զինուորական լուծում: Կարեւոր է, որ կողմերը հաւաքուին միասին եւ աշխատին խաղաղ լուծման որոնման ուղղութեամբ: Այդ տագնապը արդէն չափազանց կ՛երկարաձգուի», ըսած է դեսպանը:

Ամերիկացի դիւանագէտին խօսքով` Միացեալ Նահանգներ շատ աշխուժ կ՛աշխատին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին միջոցով, որպէսզի օգնեն կողմերուն լուծելու տագնապը:

«Մենք պէտք է օգնենք կողմերուն յառաջ ընթանալու», ըսած է Սեքութա:

Խօսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի մասին` դիւանագէտը նշած է, որ վերջինս «ունի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատանքի մեծ փորձառութիւն, լաւ գիտէ աշխարհի այս մասը եւ նախապէս աշխատած է աշխարհի այս հատուածին հետ»:

«Հոկլընտ արդէն սկսած է համագործակցելու ֆրանսացի եւ ռուս իր գործընկերներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին ծանօթանալու, մարդոց հետ հաղորդակցելու, տագնապին կողմերը իրարու կապելու եւ անոնց օգնելու համար գտնելու խաղաղ լուծման հասնելու կարելիութիւն: Հոկլընտ շատ եռանդուն եւ շատ ուժեղ դերակատար է, եւ ես կը կարծեմ, որ ան իսկապէս կրնայ օգնել յառաջ տանելու այդ հոլովոյթը», ըսած է Սեքութա:

 

Նախորդը

«Եթէ Պոլսոյ Ոստիկանութիւնը Ընէր Իր Պարտականութիւնը` Տինքի Սպանութիւնը Հաստատ Պիտի Կանխարգիլուէր» Կ՛ըսէ Մեղադրեալը

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Օրէյնճ Գաւառը 24 Ապրիլը Հռչակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

RelatedPosts

Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն
Գլխաւոր լուրեր

Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն

Դեկտեմբեր 8, 2025
Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն`  Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Հիմնադրութեան 135-Ամեակին
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին

Դեկտեմբեր 8, 2025
Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են  Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?