Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նարեկի Տիրամօր» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Տարեցներու Հաւաք` Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով

April 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Զատկուան տօնին առիթով երէկ` չորեքշաբթի, 12 ապրիլի առաւօտեան, Պուրճ Համուտի «Նարեկի Տիրամօր ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը` մասնակցութեամբ 35 տարեցներու, ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի:

Կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ անոնք պէտք է շնորհակալ ըլլան Աստուծոյ ամէն բանի մէջ, ինչպէս նաեւ երախտագէտ ըլլան, որ իրենց մասին մտածող եւ հոգացող ընկերային ծառայողներ կան:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց կեդրոնին մատուցած ծառայութիւնները տարեցներուն նկատմամբ` մաղթելով կեդրոնին նորանոր յաջողութիւններ իր առաքելութեան մէջ: Ան տարեցներուն մաղթեց  առողջութիւն եւ երկար կեանք:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ, որուն աւարտին բոլորին բաժնուեցան տուրմէ հակիթներ, ինչպէս նաեւ զատկուան աւանդական «քաթա»-ն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Գարմէն Աճեմեան, որ մեկնաբանեց երգերու փունջ մը` մեծապէս խանդավառելով ներկաները:

Յայտնենք, որ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերաբժշկական կեդրոնը ունի ընկերային եւ բժշկական բաժանմունք: Ընկերային բաժանմունքը տրամադրուած է տարեցներու, որոնք օրուան ընթացքին կ՛այցելեն կեդրոն եւ հաճելի ժամեր կ՛անցընեն իրարու հետ, կը հիւրասիրուին եւ կ՛աղօթեն կեդրոնի մատրան մէջ: Կեդրոնը տարին երկու անգամ նման հաւաք կը կազմակերպէ անոնց համար: Առաջինը` Նոր տարուան, իսկ երկրորդը` Ս. Զատկուան տօնին առիթով:

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Արցախէն Հիւրեր` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողովը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողովը

November 5, 2026
«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով
Գաղութային

«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով

November 5, 2026
Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.