Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւնը

April 12, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւագ երեքշաբթի օրուան ընթացքին հայ եկեղեցին կը շարունակէ նշել Յիսուսի Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը, որուն նուիրուած են օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու շարականները: 11 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը կուսանաց» յիշատակի Երեկոյեան ժամերգութիւնը: Մատթէոսի աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ պատմուած «Տասը կոյսերու» առակը, ուրկէ առնուած է ժամերգութեան անունը, կո՛չ մըն է քրիստոնեաներուն պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու Յիսուսի երկրորդ գալուստը դիմաւորելու:

Աւետարանական ընթերցումի ընթացքին մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի տասը աշակերտուհիներ առաջնորդուեցան մայր տաճարին դասը` իրենց ձեռքին ունենալով լապտերներ: Առակին մէջ փեսային գալուստը նկարագրող բաժինի ընթերցանութեան ընթացքին, աշակերտուհիներէն հինգը մարեցին իրենց լապտերներուն մոմերը` իբրեւ խորհրդանիշ անպատրաստ եւ յիմար կոյսերուն: Իսկ միւս հինգը վառ պահեցին իրենց մոմերը` իբրեւ խորհրդանիշ իմաստուն կոյսերուն, որոնք պատրաստ էին փեսային գալստեան: Առակը յիշեցում մըն է, որ քրիստոնեաները պարտին իրենց կեանքերը ապրիլ աւետարանական ճշմարտութեանց գիտակցութեամբ եւ իրենք զիրենք պատրաստել Տիրոջ դատաստանին առջեւ կանգնելու:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, մայր տաճարի փոխլուսարարապետ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանի առաջնորդութեամբ, «Տասը կոյսերը» եւ իրենց ծնողները բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց եւ օրհնեց զիրենք: Վեհափառ հայրապետը խօսելով օրուան խորհուրդին մասին իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց: Ան նաեւ յիշեցուց հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր աշակերտուհիի օրհնուած խաչ մը նուիրեց:

 

Նախորդը

Գառնիկ Գիւզալեան (1893-1958). Ազգային-Քաղաքական Մեր Յիշողութեան Իմաստուն Ջահակիրը

Յաջորդը

Աւելի Քան 150.000 Տոլար` Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.