Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ. – ՍԻԹԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՑ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԸ – ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԵՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ – ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

October 17, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրուեցան կարգ մը հետաքրքրական արդիւնքներ, մանաւանդ Անգլիոյ մէջ:

«Փրեմիեր լիկ»ի 8-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Լիվըրփուլի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջեւ, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Սթիւըն Ժերար նշանակեց դաշտին տէրերուն կոլը (68-րդ), իսկ Մանչեսթըր Եունայթըտի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Խաւիէ Հերնանտեզ (81-րդ):

Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի Եունայթըտը նահանջեց երկրորդ դիրք` իր տեղը զիջելով Մանչեսթըրի երկրորդ խումբին` Սիթիի, որ 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ասթոն Վիլայի, գրաւեց պարագլուխի դիրքը` երկու կէտով գերազանցելով «Կարմիր սատանաները»:

Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Չելսի եւ Լիվըրփուլ:

«Լա լիկա»ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, որոնք յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Ռէալ Պեթիսը (4-1) եւ Ռասինկ Սանթանտերը (3-0):

Մայրաքաղաքի կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Կոնզալօ Հիկուան, որ հեթրիք մը իրագործեց (46-րդ, 70-րդ եւ 73-րդ): Չորրորդ կոլը նշանակեց Քաքա (59-րդ):

Իսկ Պարսելոնայի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր դերը սովորականին նման ունեցաւ Լիոնել Մեսսի, որ նշանակեց երկու կոլ (11-րդ եւ 68-րդ): Երրորդ կոլը նշանակեց Զաւի Հերնանտես (28-րդ):

Քալչիոյի մրցումներուն Ա. Սէ. Միլան 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փալերմոյի, մինչ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր Միլան 2-1 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Քաթանիայի դաշտէն: Քիեւօ – Եուվենթուս մրցումը աւարտեցաւ ճերմակ հաւասարութեամբ, իսկ Հռոմ քաղաքի տերպին` Լացիօ Ռոմայի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջեւ, 2-1 արդիւնքով` ի նպաստ Լացիոյի: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն Միրոսլաւ Քլոզը նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը:

Պունտըսլիկայի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ իր տպաւորիչ մրցումներու շարքը շարունակելով 4-0 արդիւնքով յաղթեց Հերթա Պերլինի:

Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ ախոյեան Պորուսիա Տորթմունտ եւ Համպուրկ:

Լիկ-1-ի մրցումներուն, մայրաքաղաքի կազմը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այս տարեշրջանին տպաւորիչ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, 3-1 արդիւնքով յաղթեց Աժաքսիոյի:

Թուլուզ – Մարսէյ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՈՒԼԻՍ – ՇԻՐԱԿ` 2-2

Յաջորդը

ՌՈՒԲԷՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ. «ԱՅՆՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵՄ, ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԱԿՑԻՄ ՄԻԱՅՆ ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.