Նախորդ շաբաթավերջին Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` Շապապ Էշրեֆիէի եւ Լուէյզիի միջեւ:
Շապապ Էշրեֆիէ տիրացաւ տիտղոսին` 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Լուէյզիէն կը բացակայէին անոր երկու հիմնական մարզիկները` Մարուան Զորօ (վիրաւոր) եւ Սերժ Գույումճեան (կախակայուած):
Աւարտին յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռեմոն Սըմաանէն:
Նշենք, որ Շապապ Էշրեֆիէ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին, մինչ Լուէյզի, որ այս տարեշրջանին հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան, 2017-2018 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ:



