Ինչպէս ծանօթ է, 27 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի միջազգային Մարաթոնը, որ արդէն իսկ միջազգային մեծ ճանաչում գտած է եւ ունեցած տարիներու փորձառութիւն:
Մասնակցողներուն թիւը առաւելագոյն չափով աւելցնելու նպատակով, Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը սկսաւ արաբական դեսպանատուներ իր այցելութիւններուն:
Այդ պատուիրակութիւնը առաջին անգամ այցելեց Օմանի, ապա Սուտանի դեսպանատուները: Երկու երկիրներուն դեսպաններն ալ խոստացան իրենց ամէն կարելին ընել, որպէսզի իրենց երկիրներէն ժամանած վազողներուն թիւը ըլլայ շատ:


