Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստան – Ղազախստան մրցումին, որ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մաս կը կազմէ, իրաւարարները պիտի ըլլան Մակեդոնիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 39 տարեկան Ալեքսանտր Սթավրէեւ, որ 2006-էն ի վեր «ՖԻՖԱ»-ի իրաւարար է:
Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Մարիան Քիրովսքի եւ Տեժան Քոսթատինով, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Տեժան Եաքիմովսքի:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 26 մարտին, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին: