Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ. «ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՉԻԼ` ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՊՐԻԼ ԱՅԴ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ»

October 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2011-ի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հաւաքուած էին երկրորդական բաժինի աշակերտութիւնը, ուսուցիչներ, տեսչութեան անդամներ, հիւրեր` նշելու համար Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկած վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան նշեց, որ ըստ հայկական տօնացոյցի` Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած յիշատակի օրը «վաղն է` 8 հոկտեմբերը»: Այնուհետեւ ան ներկայացուց օրուան բանախօսը, լիբանանահայ գաղութին քաջածանօթ անուն, բեղուն հասարակական գործիչ, լրագրող Սարգիս Նաճարեանը, որուն` «լրագրական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանը մեծ շուքով նշուեցաւ անցեալ տարի եւ իր աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին կրցած է զբաղեցնել տարբեր պատասխանատու պաշտօններ»:

Այնուհետեւ վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Մարինէ Հալլաճեան ասմունքեց «Հայ լեզուին» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը` փոխանցելու համար իր խօսքը:

Սարգիս Նաճարեանին խօսքը եղաւ իւրայատուկ եւ այժմէական: Ան չխօսեցաւ հայոց գիրերու գիւտարարին կամ այդ գիրերուն եւ թարգմանչաց մասին յատկապէս: Ինչպէս ինք ըսաւ. «Ես ուսուցիչ չեմ, այլ լրագրող եմ եւ այդ գործը կը թողում ձեր ուսուցիչներուն»:

Անոր իր խօսքը սկսաւ անձնական կեանքէն պատմական ակնարկով մը: «1969-ին, երբ նոր բացուած էր Պէյրութ-Երեւան օդանաւային չուերթը, ես եղայ լիբանանահայ չորս լրագրողներու շարքին, որոնք հրաւիրուեցան հայրենիք: Հոն ես բախտը ունեցայ հարցազրոյց մը ունենալու հայ գեղանկարչութեան նահապետին` այն ատեն արդէն 92-ամեայ Մարտիրոս Սարեանին հետ: Երբ վարպետին հարցուցի, թէ երբ վերադառնամ սփիւռք` Լիբանան, ի՞նչ պատգամ տանիմ լիբանանահայ երիտասարդութեան, ան ըսաւ. «Կ՛երթաս ու կ՛ըսես, որ թող ամուր կառչին իրենց հայ ինքնութեան արժէքներուն, որոնց գլխաւորը հայ լեզուն է»: Սարեանին պատգամը այսօր ի զօրու է աւելի քան երբեք, շարունակեց բանախօսը, ապա աւելցուց, որ միայն լեզուն չէ մեր գոյութեան հիմնասիւնը, այլ` հայ մշակոյթը, աւանդութիւնները, մեր վարքն ու բարքը, մեր կենցաղը: «Ինքնութիւնը առօրեայ ապրում է», ըսաւ ան: Խօսելով աշխարհատարած աւելի քան 10 միլիոն հայութեան մասին` ան յորդորեց ներկայ աշակերտութեան միշտ հաղորդակից մնալ սփիւռքի բոլոր գաղութներու ազգային կեանքին, առաւել եւս` հայրենի իրականութեան հետ: Այնուհետեւ ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայրենի պետականութեան վերանկախացման 20-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւններուն, յատկապէս` սփիւռքի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուած համաժողովին, որ կը վայելէր հայրենի պետականութեան հոգածութիւնը եւ 20-ամեակին նուիրուած զինուորական շքահանդէսին, որուն ընթացքին հայրենի պետութիւնը փաստեց, որ 20 տարիներու ընթացքին իսկապէս ձեռք ձգած է անասելի մեծ նուաճումներ:

Օրուան բանախօսին խօսքի աւարտը եղաւ իւրայատուկ երկխօսութիւն մը ներկայ աշակերտութեան հետ, որուն ընթացքին ան տարբեր հարցեր ուղղեց ներկաներուն հայրենիքի մէջ, տարբեր բնագաւառներու մէջ արձանագրուող նուաճումներու մասին, որոնց, յուրախութիւն օրուան բանախօսին, քաջատեղեակ էր ներկայ աշակերտութիւնը:

Բանախօս Սարգիս Նաճարեանի խօսքի աւարտին, վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` այս իւրայատուկ եւ մատչելի ոճով դասախօսութեան համար: «Ուրախ եմ եւ բաւարարուած` այսօրուան մեր հանդիպումով, մանաւանդ ձեր` սիրելի աշակերտներ, այս դասախօսութեանը ուշի-ուշով հետեւելուն եւ մասնակցելուն համար», աւարտեց իր խօսքը վարժարանի տնօրէնը:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԸ` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.